ՄԻՇԸԼ ՀԻԼԶ.- Հինգշաբթի, Յունուար 2ին, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, ընկերակցութեամբ առաջնորդական փոխանորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի ու թեմի հոգեւոր դասուն, Նոր Տարուան առաջին այցելութիւնը տուաւ Միշըն Հիլզի «Արարատ տուն», բարեմաղթութիւններ փոխանցելու եւ Ս. Ծննդեան բարի լուրը աւետելու հաստատութեան հոգաբարձութեան, պաշտօնէութեան եւ բնակիչներուն։
Այցելութիւնը սկիզբ առաւ հաստատութեան հիւանդանոցի բաժինին մէջ։ Առաջնորդ սրբազանը շնորհաւորեց բոլորին Նոր Տարին ու Ս. Ծնունդը եւ այս առիթով բարեմաղթութիւններ կատարեց, յատկապէս առողջութիւն մաղթելով բոլորին։ Ան նշեց, որ Քրիստոս իր Ս. Ծնունդով խաղաղութիւն բերաւ համայն աշխարհին։ Այդ խաղաղութիւնը հոգւոյ խաղաղութիւնն է, որ խարսխուած է Աստուծոյ սիրոյն եւ անոր ուսուցումներուն վրայ։ Ապա, Ս. Ծննդեան շարականներու երգեցողութեամբ, տեղի ունեցաւ տօնին յատուկ արարողութիւն եւ Քրիստոսի մկրտութիւնը խորհրդանշող Ջրօրհնէք։ Խաչի կնքահայրն էր Հոգաբարձութեան ատենապետ Յովսէփ Կանիմեան։ Աւարտին, բնակիչները ստացան Ս. հաղորդութիւն։
Արարողութենէն ետք, Կանիմեան երախտագիտութիւն յայտնեց առաջնորդ սրբազան հօր ու հոգեւոր դասուն, իրենց յաճախակի այցելութեանց, հոգատարութեան ու աղօթքներուն համար եւ բոլորին մաղթեց բարի տարի մը, որմէ ետք յուշանուէր մը փոխանցեց առաջնորդին։
Սրբազանը, իր կարգին, բարձրօրէն գնահատեց ատենապետ Կանիմեանի եւ Հոգաբարձութեան գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ հաստատութեան գլխաւոր պատասխանատու՝ Տերիք Ղուկասեանը եւ ապա յուշանուէրով մը պատուեց զանոնք։ Ան նաեւ դրուատեց այս տարի լաւագոյն հիւանդապահուհի ճանչցուած, «Արարատ տան» հիւանդապահուհիներու գլխաւոր պատասխանատու Սիւզան Երանեանը, որուն եւս յուշանուէր մը յանձնեց։
Այնուհետեւ, պատարագ մատուցուեցաւ հաստատութեան մատրան մէջ։ Պատարագեց եւ քարոզեց Նորթ Հոլիվուտի եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արսէն քհնյ. Գասապեան: Ան իր քարոզին մէջ խօսեցաւ Քրիստոսի Ս. Ծննդեան խորհուրդին մասին եւ հրաւիրեց ներկաները Քրիստոսի Ս. Ծննդեան աւետիսով վերանորոգուելու։ Աւարտին, սրբազանը կատարեց Ջրօրհնէքի արարողութիւնը։ Խաչի կնքահայրն էր հոգաբարձութեան փոխ ատենապետ Ռան Նազելի։ Արարողութիւնը վերջ գտաւ «Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի» շարականով ու «Կիլիկիա» մաղթերգով։
Ապա, տեղի ունեցաւ սիրոյ ճաշ։ Ներկայ էին հոգաբարձութեան ատենապետն ու փոխատենապետը, հոգաբարձութեան անդամներ Փիթըր Տարագճեան ու Մակի Մանկասարեան-Կօշըն, հաստատութեան գլխաւոր պատասխանատուն, բնակարանային բաժինի պատասխանատուներէն՝ Ռիթա Նորաւեան եւ պաշտօնէութեան կազմէն անձեր։ Կանիմեան անգամ մը եւս շնորհաւորեց ներկաները եւ բարեմաղթանքներ յայտնեց։ Սրբազանը իր սրտի խօսքին մէջ գնահատեց «Արարատ տան» մեծ ընտանիքը իրենց աստուածահաճոյ գործունէութեան համար եւ այս առթիւ Նորաւեանին գնահատանքի յուշանուէր մը փոխանցեց։ Ան իր խօսքը եզրափակեց՝ բոլորին մաղթելով առողջութեամբ, ուրախութեամբ եւ խաղաղութեամբ լի տարի մը։