ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Առաջին անգամ Նորթ Հոլիվուտի «Սիքրենթ Ռոզ» թատերասրահին մէջ բեմ հանուած «Քոնսթանթինոփըլ» թատերախաղին բեմադրիչը եւ երկու դերասանները մրցանակներու արժանացան «Պրատուէյ Ուըրլտ Էլ.Էյ.» հաստատութեան կողմէ, վեց շաբաթ տեւած հանրային քուարկութիւններէ ետք։
Արդարեւ, բեմադրիչ Արամ Գույումճեան ընտրուեցաւ լաւագոյն բեմադրիչը, մինչ Թրեվիս Լաֆլին եւ Էվա Աբրահամեան դերասանութեան մրցանակներ ստացան։
Աշնան, վեց շաբաթներու ընթացքին «Վիսթա Փլէյըրզ» թատերախումբին կողմէ ներկայացուած «Քոնսթանթինոփըլ»ին կիզակէտը Օսմանեան կայսրութեան մայրաքաղաք Պոլսոյ հայութիւնն է, Հայոց Ցեղասպանութեան անմիջապէս յաջորդող տարիներուն եւ կը կեդրոնանայ յատկապէս կանանց իրաւանց պաշտպան թերթի մը խմբագիրին՝ Վեհանոյշին եւ Ցեղասպանութեան ընթացքին առեւանգուած երեխաները եւ կիները փրկելու գործին նուիրուած ֆետայիին՝ Ռուբէնին պատմութիւններուն վրայ։
Գործին բեմագիրն ու բեմադրիչը՝ Արամ Գույումճեան նախապէս շահած է «Էլի» մրցանակը բեմադրութեան (Three Hotels) եւ բեմագրութեան («The Farewells») համար: Ան համահիմնադիրն է եւ արուեստի վարիչը Սաքրամենթօ հաստատուած «Վիսթա Փլէյըրզ» թատերախումբին: Լոս Անճելըսէն մինչեւ Լոնտոն, ան բեմադրած է շարք մը գործեր, որոնցմէ վերջիններէն են՝ «Հեփի Արմինիընզ» «Այ Կօ Ան» եւ Սարոյեանի չհատարակուած թատերական գործերուն համադրումը։