ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի դատական-տեղեկատուական համակարգէն կը յայտնեն, որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը դատական հայց ներկայացուց Ազգային ժողովի պատգամաւոր Արման Բաբաջանեանի դէմ, որ հրապարակային իր ելոյթներէն մէկուն ընթացքին խօսեցաւ ՀՅԴին մասին եւ զայն անուանեց «ահաբեկչական անցեալով յայտնի ուժ» եւ այլն։
ՀՅԴն դատարանէն կը պահանջէ՝ պարտաւորեցնել Արման Բաբաջանեանը հրապարակային ներողութիւն խնդրելու վիրաւորանքին համար:
Գործը հասցէագրուած է Երեւան քաղաքի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի դատաւոր Աւագ Գաբրիէլեանին:
Դատական հայց ներկայացուցած են ՀՅԴի անդամներ Իշխան Սաղաթելեան, Աշոտ Սիմոնեան, Սիմոն Սիմոնեան, Շաղիկ Մարուխեան, Արմենուհի Կիւրեղեան, Լիլիթ Գալստեան, Միքայէլ Մանուկեան, Արթուր Խաչատրեան, Յակոբ Մաթիլեան, Տարօն Տօնոյեան եւ Արծուիկ Մինասեան:
«Նիուզ»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին, ՀՅԴի անդամներուն փաստաբանը՝ Հայկուհի Սեդրակեան ըսաւ, որ նկատի ունենալով Արման Բաբաջանեանի «Ֆէյսպուք»ի էջին վրայ կատարած գրառումը, Բաբաջանեան չ՛ընդունիր իրեն դէմ ներկայացուած դատական հայցը։
Ան բացատրեց, որ ՀՅԴի անդամները երկու դրուագէ մեկնած դատ բացած են Բաբաջանեանի դէմ։ Փաստաբանը ըսաւ, որ դատական հայցը կը վերաբերի 6 Դեկտեմբերին Ազգային ժողովի ամպիոնէն ՀՅԴին վերաբերեալ Արման Բաբաջանեանի յայտարարութիւններուն. «Ըստ էութեան, հայցուորները այդ յայտարարութիւնը համարում են վիրաւորական եւ զրպարտչական։ Դրա վերաբերեալ Հայաստանի քաղաքացիական օրէնսգրքի 1087.1 յօդուածով դատական հայց է ներկայացուել դատարան։ Դատարանից դեռեւս որեւէ որոշում չունենք, քանի որ երէկ է ներկայացուել հայցը։ Միայն այսօր դատական-տեղեկատուական համակարգում երեւում է հայցը։ Վիրաւորանքի համար մենք պահանջում ենք հրապարակային ներողութիւն խնդրել, իսկ զրպարտութեան համար դրամական փոխհատուցում»։
Հայկուհի Սեդրակեան չնշեց դրամական փոխհատուցման չափը. «Մեծ գումարների մասին խօսք չի գնում», շեշտեց ան։
Օր ըստ օրէ աւելի յոխորտացող այդ տղային սանձելու ժամանա՛կն է:
Շատ համաձայն եմ որ ասոր պէտք է այլեւս իր տեղի նստեցնէք: Ես քիչ մըկըզարմանամ որ ասի միայն լուրի պէս տուած էք եւ աս մասին բան մը չէք գրէր: Կարծես թէ դատ բացողը ուրիշ կուսակցութիւն մընէ: Կարծես թէ Ծարուկեանին կուսակցութիւնը դատարան կանչեր է ԼՏՊին մարդերը: Եթէ ես կուսակցական ըլլայի, ամմէնէն առաջ աս Արմէն Բաբաջանեանին աղուոր պատասխան մը կըգրէի: Պէտքէ ամմէն մարդ գիտնա յոր դաշնակցութիւնը որուն ահաբեկածէ: Դաշնակցական Թէհլիրեանը եւ Շիրակեանը ընկերներուն հետ ահաբեկած են Թալաթին եւմիւս ոճրագործներուն: Դաշնակցութիւնը ահաբեկիչ ըսողը միայն թիւրքերն են, ուրեմն աս Բաբաջանեանը թիւրքի հոգի մը ունի կամ թիւրքերուն կողմէ վարձուածէ, որպէսզի դաշնակցութեան համար ահաբեկիչ ըսէ: Շատ ուրախ պիտի զգամ, եթէ աս մասին բան մը գրէք: Գրելնալ չբաւէր: Ասի մեծ սխալ մըն է, ինչպէս որ սխալ ըրաւԱրայիկ նախարարը: Ինչու այն ատեն երիտասարդները Հայաստանի մէջ եւ ուրիշ տեղեր ոտքի ելան, ցոյց ըրին՞: Ասոր դիմաց ալ պէտքէ ձայներնիս բարձրացնենք որպէսզի մէկը չիհամարձակի դաշնակցութեան մասին ասանկ սխալ բաներ ըսել մէյ մընալ: Թող մէկը չիկարծէ որ Բաշինեանին կողմը անցնինէ մարդ իրեն մազին չիկրնար դպնալ: Բաշինեանն ալ պէտքէ իր խօսքը միացնէ մեզի: