ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութեամբ մը իր խոր մտահոգութիւնը յայտնեց վերջին շրջանին Պաղտատի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն գծով եւ նշեց, որ Հայաստան հանդէս կու գայ բացառապէս խաղաղ միջոցներով իրադրութեան լիցքաթափման դիրքերէն։
Նախարարութիւնը դիտել տուաւ, որ այդ իրադարձութիւնները, որոնք մարդկային զոհեր պատճառեցին, կրնան սպառնալ տարածաշրջանային խաղաղութեան եւ ապակայունացնել իրավիճակը Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ու անկէ դուրս, ուստի Հայաստանի դիրքորոշումն է խաղաղ միջոցներով լուծել հարցերը։ «Հայաստանը կը շարունակի սերտօրէն համագործակցել իր բոլոր գործընկերների հետ՝ ի շահ տարածաշրջանային կայունութեան եւ անվտանգութեան», նշուեցաւ յայտարարութեան մէջ:
5 Յունուարին, իրանեան կողմին նախաձեռնութեամբ, Հայաստանի եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարներ Զօհրապ Մնացականեան եւ Ճաւատ Զարիֆ ունեցան հեռաձայնային զրոյց մը։ Այս մասին յայտնեցին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութենէն։
Նախարարները քննարկեցին վերջին օրերուն Պաղտատի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններն ու անոնց լոյսին տակ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ստեղծուած իրավիճակը: Մնացականեան Հայաստանի կառավարութեան անունով ցաւակցութիւն յայտնեց Իրանի կառավարութեան եւ ժողովուրդին՝ Իրանի բարձրաստիճան պաշտօնեային մահուան առիթով: Ան կարեւոր նկատեց հետագայ լարուածութեան կանխումը եւ խաղաղ միջոցներով իրադրութեան լիցքաթափումը:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը ընդգծեց Հայաստանի պատրաստակամութիւնը՝ շարունակելու սերտ համագործութիւնը իր բոլոր գործընկերներուն հետ, տարածաշրջանային կայունութեան եւ անվտանգութեան ուղղութեամբ:
Մինչ այդ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան 3 Յունուարին խորհրդակցութեան հրաւիրեց Մերձաւոր Արեւելքի մէջ հաւատարմագրուած Հայաստանի դեսպանները՝ շրջանին մէջ ծաւալող իրադարձութիւններու լոյսին տակ։