Երկուշաբթի, 6 Յունուարին, Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեան Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով շնորհաւորական այցելութիւններ ընդունեց Ազգային առաջնորդարանի դահլիճին մէջ, ներկայութեամբ՝ ՀՅԴ Սուրիոյ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչներուն, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Ռէյիսեանի, Բերիոյ Հայոց թեմի Երեսփոխանական ժողովի, Ազգային վարչութեան եւ Կրօնական ժողովի ներկայացուցիչներուն:
Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան տօնին, հեռաձայնային կապով առաջնորդ սրբազան հօր շնորհաւորութիւններ փոխանցեց Սուրիոյ Հանրապետութեան մուֆթին: Ազգային առաջնորդարանին մէջ, անոր այցելեցին Հալէպի բարձրաստիճան պետական, ապահովական եւ կրօնական պատասխանատուներ՝ Հալէպի նահանգապետը, փոխոստիկանապետը, քաղաքապետը, Նահանգային խորհուրդի նախագահը եւ անդամները, «Պաաս»ի կուսակցապետը, Սուրիոյ խորհրդարանի Հալէպի պատգամաւորական խումբը, ճարտարարուեստի, առեւտրական եւ զբօսաշրջութեան գրասենեակներու տնօրէնները, Կրօնական կալուածներու տնօրէնը, Հալէպի մուֆթին, Հանրապետութեան մուֆ-թիի խորհրդատուն, Հալէպի պետական համալսարանի տնօրէնը եւ Հալէպի կրթական տնօրէնը:
Սրբազան հօր այցելեցին նաեւ Հալէպի բոլոր քոյր յարանուանութեանց հոգեւոր պետերը, բարեսիրական հաստատութիւններու, հալէպահայ կազմակերպութիւններու, մարզական, մշակութային եւ բարեսիրական միութիւններու ներկայացուցիչները:
Այցելուները իրենց ջերմագին շնորհաւորական բարեմաղթութիւնները փոխանցեցին առաջնորդ սրբազան հօր եւ թեմի ժողովականութեան՝ մաղթելով խաղաղ եւ բարգաւաճ օրեր: