«Սփիւռքը 100 Տարի Ետ Մնացած Է». Մաշալեան
Թուրքիոյ Հայոց նորընտիր պատրիարք Սահակ եպս. Մաշալեան նոր հարցազրոյց մը տուած է թուրք մամուլին, այս անգամ՝ «Աքշամ»ին: Թերթը 2 Յունուարի իր թիւին առաջին էջին ճակտին, մեծ տառերով ծանուցած է հարցազրոյցը, զոր խորագրած է՝ առնելով Սահակ եպիսկոպոսին խօսքերէն. «Սփիւռքը 100 տարի ետ մնացած է»:
Արդարեւ, նորընտիր պատրիարքը ըսած է հետեւեալը. «Հայկական Սփիւռքը մեզի հետ կապ չունի: 1915ի եւ յաջորդող յիշողութիւնը սերունդէ-սերունդ փոխանցած են: Անոնք ալ նայած են, որ այս խնդիրը առնուազն կ՛ապահովէ միութիւն մը, եւ ստեղծած են ժխտական հաւաքական գիտակցութիւն մը: Ողբերգութեան վրայ հիմնուած հաւաքական գիտակցութիւն մը ստեղծուած է: Չեն ուզեր այդ բանը կորսնցնել: Իսկ մենք այդ դէպքերէն ետք մնացինք այս հողերուն վրայ: Մենք ընտրեցինք միւս տարրերուն հետ ապրիլ միասնաբար: Սփիւռքը 100 տարի ետ մնացած է»: Սահակ եպս. վստահաբար լռելեայն ակնարկ կատարելով սփիւռքեան ղեկավար մարմիններուն եւ բաղդատելով սփիւռքահայութեան հասարակ խաւը անոր հետ՝ նաեւ ըսած է. «Իրականութեան մէջ ժողովուրդը շատ աւելի մեղմ է: Ապրիլ 24ին կը յիշեն եւ կը մոռնան մինչեւ յաջորդ Ապրիլ 24ը»: Սահակ եպիսկոպոսը նաեւ շեշտած է, որ Թուրքիոյ հայութեան եւ սփիւռքահայութեան՝ իսլամի ըմբռնումն ալ բոլորովին տարբեր է:
Նորընտիր պատրիարքը Թուրքիոյ հայոց ժողովրդագրական պատկերին մասին ալ խօսած է. «Մեր բնակչութիւնը 50-60 հազար է: Բնակչութեան նուազումը ունի երկու պատճառ, որոնցմէ մին կախում ունի մեզմէ: Ասիկա մահերու եւ ծնունդներու համեմատութիւններու տարբերութիւնն է: Մինչ ծնունդներուն տոկոսը 1.2 է, ունինք մահերու 2.6 տոկոս: Չենք բազմանար: Կան ոմանք, որոնք յոյս դրած են արտասահմանի վրայ, երբ առիթը գտնեն՝ կը մեկնին: Համալսարանական մեր երիտասարդները խառն ամուսնութիւններ կը կնքեն: Այս ալ պակսելու պատճառ մըն է: Մարդիկ կը սահին դէպի ընդհանրացած մշակոյթը: Ես Պայրամփաշայի մէջ մեծցայ եւ թաղին միակ հայ ընտանիքը մենք էինք: Կ՛ապրէինք առանց կրօնի հարցի: Այսինքն, ժողովուրդները իրարու հետ հարց չունին: Մենք մեծցանք օրը հինգ անգամ էզան (մզկիթէն բարձրաձայն կարդացուած աղօթք «Ն.Յ.») լսելով», ըսած է ան:
Ըստ Մաշալեանի՝ երկրին փոքրամասնութիւնները՝ AKP-ի (Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը) իշխանութեան գլուխ գալէն ի վեր կ՛ապրին իրենց ամէնէն հանգիստ շրջանը. «Թուրքիոյ բոլոր փոքրամասնութիւնները համամիտ են, թէ մենք մեր ամենահանգիստ շրջանը կ՛ապրինք AKP կուսակցութեան իշխանութեան օրօք: Մասնաւորապէս 2008ին Վաքըֆներու օրէնքին մէջ կատարուած փոփոխութիւնը շատ կարեւոր էր մեզի համար: Մենք մնացած ենք 2 հազար յոյն, 50 հազար հայ, 10 հազար հրեայ եւ 8 հազար ասորի: Մենք երկրի ընդհանուր բնակչութեան մէկ հազարերորդը կը կազմենք, սակայն փոքր ըլլալ չի նշակեր անարժէք ըլլալ: Փոքրամասնութիւններու խնդիրը օսմանեան շրջանէն ի վեր Թուրքիոյ ներքին գործերուն միջամտելու համար օգտագործուած նիւթ մը դարձած է: Մենք չենք փափաքիր, որ այս հարցին պատճառաւ Թուրքիա համաշխարհային քաղաքականութեան մէջ վնաս կրէ: Մենք այս երկրի քաղաքացիներն ենք, այս երկրին հասցէին որեւէ խօսք մեզ ալ կը վիրաւորէ: Գոհ ենք պետութեան հետաքրքրութենէն: Մեր Հանրապետութեան նախագահը հանգիստ հասանելի է մեզի համար: Նախարարներ յաճախ կը փութան մեր այցելութեան, մեր կուսակալը մշտապէս հետաքրքրութիւն ցոյց կու տայ մեզի հանդէպ», նշած է ան:
Սահակ եպս.ը անդրադարձած է նաեւ Թուրքիոյ Ներքին գործոց նախարարին վերջերս կատարած կարեւոր մէկ խոստումին, որ կը վերաբերի Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Թուրքիոյ մէջ գործող 8 եկեղեցիներու (33ը՝ Պոլսոյ, 5ը՝ գաւառներու մէջ, ղեկավարման միասնական համակարգի մը ստեղծման: Նշենք, որ կան իրաւաբանական կարգավիճակի հարցեր, որոնք ներկայիս կը խոչընդոտեն այդ մէկը: Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարը խոստացած է հարցը լուծելու համար երկու կողմերուն՝ պետութեան եւ պատրիարքարանին, յարմար կարգադրութեան եզր մը գտնել;
«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ»