ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն», «Նիուզ».- Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով Դեկտեմբեր 30ին յայտարարեց, թէ 2019ը կորսուած առիթներու տարի մը կը համարէ Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման առումով:
Արձանագրելով, որ 2019ին եւս կողմերը չեն կրցած յստակ յառաջխաղացք արձանագրել՝ Մամետեարով նշեց, որ սխալ պիտի ըլլայ պնդել, թէ գործընթացը փակուղի մտած է։
«Տարուան ընթացքին Հայաստանի ու Ատրպէյճանի առաջնորդները միայն մէկ պաշտօնական հանդիպում ունեցած են, Վիեննայի մէջ, իսկ արտաքին գործոց նախարարարի մակարդակով եւս հինգ հանդիպում կազմակերպուած է», ըսաւ նախարարը, ցաւ յայտնելով, որ «Հայաստանի իշխանութիւնը, այսպէս կոչուած անկախութեան ու միացման մասին իր հակասական յայտարարութիւններով հարուած կը հասցնէ բանակցային գործընթացին ու Մինսկի խմբակի ջանքերուն»։
Մամետեարով պնդեց, որ քննարկումները կը կեդրոնանան հակամարտութեան հանգրուանային լուծման տարբերակին վրայ, կրկնելով, որ Պաքու «պիտի վերադարձնէ Ղարաբաղը»։
Հակադարձելով Պաքուէն հնչած այս եւ Իլհամ Ալիեւի նոյնանման յայտարարութիւններուն, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Աննա Նաղդալեան կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը.
«Ադրբեջանական կողմը փորձում է սեփական փաստարկների սնանկութիւնը ծածկել փակուղային տարրեր պարունակող թեզերի մշտական կրկնութեամբ: Գուցէ այդ թեզերը որոշակի արժէք ունեն Ադրբեջանի ներքաղաքական միջավայրում՝ հաշուի առնելով այդ երկրում տեղի ունեցող վերադասաւորումները եւ առաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւնները, սակայն դրանք որեւէ ձեւով չեն նպաստում խաղաղ գործընթացին եւ ուստի որեւէ արժէք չունեն»:
Անդրադառնալով Արցախի մէջ դատապարտուած Տիհամ Ասքերովի եւ Շահպազ Կուլիեւի իրաւունքներուն ենթադրեալ ոտնակոխման մասին պնդումներուն, Նաղդալեան ըսաւ. «Ցաւալի է, որ Ադրբեջանում արտաքին գործոց նախարարի մակարդակով արդարացւում է 16ամեայ Սմբատ Ցականեանի սպանութիւնը: Դա բացայայտում է Ադրբեջանի իշխանութիւնների իրական վերաբերմունքը հակամարտութեան գօտում բնակուող մարդկանց նկատմամբ: Կը ցանկանայի վերստին յիշատակել, որ Ադրբեջանի նախագահն անչափահասին սպաննած մարդկանց համեմատել է Ռամիլ Սաֆարովի հետ: Կարծում ենք՝ այդ համեմատութեամբ ամէն ինչ ասուած է»:
Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի նախկին արտաքին գործոց նախարար Թոֆիք Զուլֆուկարով ատրպէյճանական «Մինվալ» կայքին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին բացասական գնահատում տուած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի Պաքու կատարած այցելութեան արդիւնքներուն: Իբրեւ իր այս գնահատականի պատճառ՝ դիւանագէտը նշած է Լաւրովի այն խօսքերը, թէ տագնապը պէտք է լուծուի Արցախի բնակչութեան կամքը հաշուի առնելով։ Ըստ Զուլֆուկարովի՝ այդ միտքը կը հակասէ բանակցութիւններու երկկողմանի ձեւաչափին: