ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ խորհրդակցութիւն, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ Վանաձորի զարգացման ծրագիրը:
Պատասխանատուները զեկուցեցին, որ կը նախատեսուի քաղաքին մէջ իրականացնել ենթակառուցուածքներու բարելաւման եւ զբօսաշրջութեան խթանման ծրագիրներ:
Հիմնովին պիտի վերանորոգուին Կարէն Դէմիրճեան, Գրիգոր Լուսաւորիչ, Աղայեան, Ներսիսեան, Նայիրի փողոցները, որոնք տարանցիկ են եւ Մ6 միջպետական ճամբուն մէկ մասը կը կազմեն։
Քաղաքին զարգացման ծրագիրով կը նախատեսուին նաեւ իրականացնել ճոպանուղիի կառուցում, Վանաձորի 3 արհեստական լիճերու տարածքին մէջ հիմնել հանգիստի գօտի՝ հիւրանոցային եւ մարզական համալիրներով, ջրային տպաւորիչ համակարգերով եւ համերգասրահով: Ծրագիրին մէջ կը մտնեն նաեւ Ազատամարտիկներու պուրակի արդիականացման, հեծանուային ուղիներու կառուցման եւ այլ ենթակառուցուածքներու բարելաւման նախագիծեր:
Վարչապետը կարեւոր նկատեց վերը նշուած փողոցներու հիմնովին նորոգութեան ծրագիրը եւ Տարածքային կառավարման ու ենթակառուցուածքներու նախարար Սուրէն Պապիկեանին յանձնարարեց ներկայացնել անհրաժեշտ նախահաշիւի փաստաթուղթեր: Ան դիտել տուաւ, որ միւս ծրագիրներուն իրականացման կարելիութիւնները պէտք է քննարկել պետութիւն-մասնաւոր հատուած համագործակցութեան ծիրին մէջ: Այդ պարունակին մէջ, կառավարութեան ղեկավարը պատասխանատուներուն յանձնարարեց այդ ուղղութեամբ քննարկումներու սկսիլ մասնագէտ գործընկերներու հետ, մշակել գործարարական ծրագիրներ եւ ըստ այդմ շարժիլ յառաջ: