ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի եւ զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատար Արտակ Դաւթեանի ընկերակցութեամբ այցելեց պաշտպանութեան N զօրամասը:
Անոր ներկայացուեցան Հայաստանի զինուած ուժերը համալրած «Սու-30ՍՄ» բազմագործառոյթ կործանիչները։ Վարչապետի աշխատակազմի տեղեկaատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, որ վարչապետը տեղեակ պահուեցաւ նաեւ օդանաւերուն արհեստագիտական կարելիութիւններուն մասին:
Այցելութեան ընթացքին վարչապետը նաեւ ծանօթացաւ «Օսա-ԱԿ» զենիթահրթիռային համալիրներուն եւ անոնց արհեստագիտական կարողութիւններուն: Քննարկուեցան նաեւ Հայաստանի ռազմարդիւնաբերութեան զարգացման ուղղութեամբ իրականացուող ծրագիրները եւ կարելիութիւնները:
Կառավարութեան ղեկավարը ծառայութեան ընթացքին ուշադրութիւն գրաւած զինուորներուն յանձնեց նուէրներ։
Աւարտին վարչապետը հաստատեց, որ այդ օրը շատ կարեւոր օր է բոլորին համար, որովհետեւ կը հասնին 2019ի գլխաւոր ձեռքբերումը նկատուող «ՍՈՒ-30ՍՄ» գերժամանակակից բազմագործառոյթ օդանաւերը, որոնց ձեռքբերման մտադրութեան մասին տակաւին նախորդ տարի յայտնած էինք: Ըստ անոր՝ օդանաւերու առաջին խմբաքանակը եւ այս ձեռքբերումը շրջադարձային նշանակութիւն ունին Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան, ժողովուրդի ապահովութեան գործին մէջ:
30 Դեկտեմբերին, վարչապետը՝ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին, պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի եւ Տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Սուրէն Պապիկեանի ընկերակցութեամբ այցելեց պետական սահմանի պահպանութեան տեղամասը ու մարտական դիրքը, ուր ծանօթացաւ բանակին կողմէ օգտագործուող արդիական սպառազինութեան։
Այցելուները նաեւ հանդիպում ունեցան մարտական դիրքին մէջ ծառայող զինուորներուն եւ հրամանատարներուն հետ, շրջագայեցան մարտական յենակէտին մէջ եւ ծանօթացան սահմանագիծին վրայ առկայ վիճակին, ծառայութեան ընթացքին, ինչպէս նաեւ զինուորներուն կենցաղային պայմաններուն:
Կառավարութեան ղեկավարը շնորհաւորեց հայոց բանակի բոլոր զինուորները՝ անոնց մաղթելով լաւագոյնը եւ շնորհակալութիւն յայտնելով անձնուէր ծառայութեան համար: