ՎԱՀԱՆ ԶԱՆՈՅԵԱՆ
Գաղտնիք չէ որ հայ ժողովուրդը ընդհանրապէս չէ կարողացած քաղաքական միասնակամութիւն ցուցաբերել: Տխո՛ւր իրողութիւն է, որ անցած դարուն, իբրեւ ազգ, մեզ միաւորող գլխաւոր եւ մնայուն ազդակը եղած է Ցեղասպանութիւնը: Ատկէ դուրս, հազուադէպ եւ կարճատեւ եղած են պատմական այն ժամանակամիջոցները, երբ հայ ժողովուրդը կրցած է միանալ, եւ նոյնիսկ այդ բացառութիւնները պատահած են, երբ մենք մեզ գտած ենք ճգնաժամային ահաւոր սպառնալիքներու առջեւ:
Մեզ բաժնող տարբերութիւնները այլազան են – քաղաքական, գաղափարական, արժեհամակարգային, կուսակցական, յարանուանական, մտածելակերպի, աշխարհահայեացքի, նոյնիսկ լեզուական, մշակութային եւ կրօնական: Նկատի առնելով մեր պատմութիւնը՝ այս տարբերութիւնները բնական են. աւելին՝ իրենց ծնունդն ու ժամանակի ընթացքին ամրապնդումը անխուսափելի էր: Աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդը պարզապէս չէր կրնար հիմնական տարբերութիւններ չունենալ:
Բնական է նաեւ որ մեր տարբերութիւնները ստեղծէին նոյնքան այլազան տարակարծութիւններ եւ քաղաքական կողմնորոշումներ:
Սակայն իրենց առաջացուցած պառակտումները ո՛չ բնական են, ո՛չ ալ անխուսափելի: Մեր ներքին քաղաքական հաղորդակցութիւններուն մէջ դիւանագիտական նրբութեան պակասը մեծ դեր խաղացած է այս պառակտումները խորացնելու մէջ:
Խակ քաղաքական միտքը միայն կրնայ տարբերութիւնները անպայման տեսնել իբրեւ քաղաքական բաժանումներ: Եւ ծայրահեղ քաղաքական նեղմտութիւնն է, որ կարելի կը դարձնէ այդ բաժանումներուն հիման վրայ՝ երկարատեւ թշնամական դիրքեր որդեգրել նոյն ճակատագրին ենթարկուած հայրենակիցներուն միջեւ: Երկրորդ տխուր իրողութիւնը այն է, որ շատ յաճախ այդպիսի նեղմտութիւն ցուցաբերած ենք:
***
Այս բոլորը նորութիւն չեն: Սակայն կարեւոր է զանոնք վերյիշել պարզապէս անոր համար, որ տակաւին կան եւ կը գործեն: Ախտաճանաչումը բազմիցս եղած է, բայց «հիւանդ»ը մինչեւ հիմա ցանկութիւն չէ ունեցած ինքզինք բուժելու:
Նորութիւնը Հայաստանի անկախ պետութիւնն է: Մեր պետականութիւնը կ՛ենթադրէ նոր իրավիճակ եւ նոր խոստումներ, եւ բոլորիս կը պարտադրէ որդեգրել նոր մտածելակերպ: Ժամանակն է գիտակցինք, որ տարակարծութիւնները, ինքստինքեան, չեն առաջնորդեր պառակտումներու: Մե՛նք թոյլատրած ենք, որ մեր տարբերութիւնները ստեղծեն պառակտումներ եւ թշնամութիւններ: Մեր ազգային դժբախտութիւնը մասամբ այդտե՛ղ պէտք է փնտռել:
Թավշեայ յեղափոխութեան ընթացքին եւ յեղափոխութենէն անմիջապէս ետք, Հայաստանը եւ հայ ժողովուրդը, մեծաւ մասամբ, կարճատեւ պահ մը միաւորուեցան: Կային միաւորումը իրականացնող երկու գլխաւոր գործօններ: Առաջին, նախկին համակարգին հանդէպ տիրող համատարած անվստահութիւնն ու հակակրանքը: Այդ համակարգին անկումը, որպէս թուացեալ անկարելիութիւն որ յանկարծ իրականացաւ, ինքնին ստեղծեց երազային խանդավառութեան մթնոլորտ, որը ծառայեց որպէս ժողովուրդը համախմբող ընդհանուր յայտարար: Երկրորդ գործօնն էր՝ աւելի արդար, մաքուր եւ բարգաւաճ ապագայի մը խոստումը: Հայաստանի եւ Սփիւռքի տարբեր հայ համայնքներուն պատկանող մարդիկ պահ մը մոռցան իրենց վաղեմի տարբերութիւնները եւ տարուեցան յոյսի եւ ակնկալութիւններու այդ ուժեղ ու վարակիչ նոր հոսանքով:
Սակայն այդ անուրանալի միասնական ոգիին ետին թաքնուած էին մեր հին պառակտումները, որոնք հետզհետէ սկսան գլուխ ցցել: Յեղափոխութիւնը դարձաւ իշխանութիւն, նախկին համակարգը դարձաւ ընդդիմութիւն, հասարակութեան մէկ մասը պահեց իր լաւատեսութիւնը, ուրիշ մաս մը որդեգրեց սպասողական, զգուշօրէն-յուսալից կեցուածք, եւ այլ խաւ մը հանդիսացաւ որպէս նոր իշխանութեան յարատեւ եւ անողոք քննադատ:
Այսօր, բեմին վրայ յայտնուած է մեզ պառակտող նոր երեւոյթ մը – իշխանութեան պաշտպաններու ընդդէմ իշխանութիւնը քննադատողներու խոսոյթը (discourse): Երկու ծայրահեղ մօտեցումներ ծնունդ առած են: Իշխանութիւնը պաշտպանողներուն համար իշխանութիւնը անսխալական է: Քննադատներուն համար՝ ո՛չ մէկ դրական արդիւնք գոյութիւն ունի, եւ ապագան յղի է անհամար մահացու վտանգներով: Եւ այսպիսով գրկաբաց ողջունած ենք իրարու հետ թշնամանալու նոր պատեհութիւն մը: Ահա, անգամ մը եւս, այսօր կ՛անտեսենք մեր առջեւ դրուած հիմնական իրողութիւնները, մարտահրաւէրները եւ հնարաւորութիւնները:
Կը մոռնանք, որ կ՛ապրինք մեր պատմութեան հազուադէպ պահերէն մէկը, երբ ունինք անկախ պետութիւն:
Կը մոռնանք, որ այսօր ունինք իբրեւ ազգ զարգանալու հնարաւորութիւններ զորս չենք ունեցած անցնող 644 տարիներուն ընթացքին:
Կը մոռնանք, որ թէեւ Հայաստանը ունի աշխարհագրական սահմաններ, որոնց պաշտպանութիւնը գերագոյն ազգային նպատակ է, հայ ժողովուրդը եւ իր հնարաւորութիւնները չունին աշխարհագրական սահմաններ:
Կը մոռնանք, որ ապագայի պայծառ տեսիլքի մը շուրջ միաւորուիլը շատ աւելի արդիւնաւէտ է, քան հասարակաց ողբերգութեան մը շուրջ:
Կը մոռնանք, որ հին կարծրատիպերը ջարդուփշուր ընելու եւ նոր միասնակամութիւն մը կերտելու համար պէտք ունինք միայն ու միայն քաղաքական կամքի եւ տեսիլքի:
Կը մոռնանք, որ դարեր շարունակ հայ ժողովուրդին թշնամիները մեր պառակտումներն ու ներքին թշնամութիւնները չարաշահած են, մինչ մենք բաւարար դասեր չենք քաղած այդ երեւոյթէն:
Եւ կը մոռնանք, որ ռազմական մահացու սպառնալիքներու առջեւ ենք, ամէն օր, թէ՛ արեւելքէն եւ թէ՛ արեւմուտքէն:
Այո՛, այս բոլորը մոռցած՝ նորէն կ՛ընտրենք թշնամանալ, պարզապէս անոր համար, որ ունինք տարբեր մեկնաբանութիւններ անցած 18 ամիսներու անցուդարձերուն մասին: Իսկապէս հրաշք է, որ տակաւին կը գոյատեւենք իբրեւ ազգ…
Ինքզինքս (եւ քանի մը ուրիշներ) կրկնելու գինով շեշտեմ, որ ոեւէ քաղաքական գործիչի գերագոյն առաքելութիւնը այսօր ազգը միաւորել է: Վերջերս, «ապազգային» բառը փոխադարձ ցեխարձակումներու նախասիրած փամփուշտը դարձաւ: Սակայն կ՛արժէ հարց տալ, թէ ո՛րն է իսկական ապազգային կեցուածքը:
«Ապազգային»ը կարելի է սահմանել բազմաթիւ ենթատեքստերով – ազգային շահերու մահացու դավաճանութիւնէն սկսեալ մինչեւ որոշ աւանդական արժէքներու խախտումը կարելի է ապազգային նկատել: Սակայն, մեր այսօրուայ քաղաքական իրավիճակին պատշաճ «ապազգայնութիւն»ը կարելի է այսպէս սահմանել – որեւէ յայտարարութիւն կամ արարք, ցանկացած քաղաքական խմբակցութեան կողմէ, ըլլայ իշխանութեան թէ ընդդիմութեան մէջ, որ կը ստեղծէ նոր պառակտումներ եւ չի սատարեր ազգային միաւորումին, Ապազգային է: Ու վե՛րջ:
Եթէ բոլոր քաղաքական հրապարակախօսները կրնան ընդունիլ այս սահմանումը, թերեւս վերջապէս կրնանք ստեղծել քաղաքական քննարկումներու նոր հարթակ մը, ուր համահայկական խոսոյթը կ՛ունենայ յստակ նպատակային բնոյթ, փոխանակ ըլլալու լոկ փոխադարձ զրպարտութիւններու շարան:
Այս իրագործելը կը պահանջէ – բացի քաղաքական կամքէն եւ տեսիլքէն – ներքին հաղորդակցութիւններու դիւանագիտական նրբութիւն, ճկունութիւն եւ զգայնութիւն: Կը պահանջէ, որ ոեւէ խօսնակի յայտարութիւններուն վախճանական նպատակը ըլլայ հակառակորդը համոզել ու ներգրաւել, ո՛չ թէ զայն մրոտել ու մղել պաշտպանողական կամ հակահարձակողական դիրքերու: Հասցէագրուած քննադատութիւնները արդիւնաւետ կրնան ըլլալ միայն, երբ լրացնեն այս պայմանը:
Դժբախտաբար, այսօր, հրապարակին վրայ հնչող ձայները, ըլլան Հայաստանի մէջ կամ Սփիւռքի, չեն գոհացներ այս պահանջը: Միայն այն ատեն, երբ այդ պահանջքը բաւարարող ձայն մը ինքզինք բացայայտէ, հայ ժողովուրդը վերջապէս կ՛ունենայ իսկական քաղաքական առաջնորդ մը:
***
Կ՛ըսուի թէ հրապարակախօսներու դիտողութիւնները եւ քննադատութիւնները անիմաստ են, եթէ հասցէագրուած չեն: Ընդհանրացումը ճիշդ չէ: Կարելի է իրավիճակ մը եւ նոյնիսկ քաղաքականութիւն մը քննադատել առանց ոեւէ անհատ կամ նոյնիսկ խմբակցութիւն մեղադրելու, մանաւանդ երբ խնդրոյ առարկայ իրավիճակը համակարգային է, եւ զայն հանրութեան ուշադրութեան յանձնելու կարիքը կայ:
Սակայն այսօրուայ հայ հրապարակախօսութեան հիմնական խնդիրը այդ չէ: Մեր խնդիրը մեր ահռելի, համատարած եւ, գոնէ ինծի համար անհասկանալի, միակողմանիութիւնն է: Բացառութիւններ կան, բայց քիչ են, եւ ընդհանրապէս կը մնան կրաւորական եւ համեմատաբար լուր: Անբացատրելի ձեւով՝ որեւէ հարցի, երեւոյթի կամ քաղաքական խմբակցութեան թէ՛ լաւ կողմը եւ թէ վատ կողմը տեսնելու անկարողութիւն մը (կամ թերեւս դժկամութիւն մը) կը թուի տիրել:
Միակողմանիութիւնը կարելի է թօթափել, եւ կարելի է ըլլալ խստապահանջ մեր անաչառութեան մէջ: Ահա փորձ մը, մի քանի դիտարկումներով:
Ճի՛շդ է, որ յեղափոխութեան դէմ աշխատող ուժեղ տարրեր կան կառավարութեան համակարգին մէջ եւ համակարգէն դուրս, եւ մասնաւորաբար դատաիրաւական համակարգին մէջ, մղուած իրենց անձնական շահերը եւ կորսնցուցած իրաւասութիւնները վերաշահելու կիրքով:
Ճի՛շդ է, նաեւ որ թաւշեայ յեղափոխութիւնը չարդարացուց իր «սիրոյ եւ համերաշխութեան» յեղափոխութիւն ըլլալու խոստումը, եւ դեռ շատ հեռու է այդ ըլլալէ:
Ճի՛շդ է, որ պետական մաշտաբով թալանը կը թուի վերջ գտած ըլլալ, որ անկախութենէն ի վեր առաջին լաւ լուրերէն մէկն է Հայաստանի համար:
Ճի՛շդ է նաեւ, որ իշխանութիւնը փորձի լուրջ պակաս ունի եւ, անհասկանալի պատճառներով, ինքնավստահութիւնը չունի ընդլայնելու փորձագէտներու իր շրջանակը:
Ճի՛շդ է, որ կարեւոր բարելաւումներ տեղի ունեցան կարգ մը նախարարութիւններու մէջ – օրինակ առողջապահութեան եւ բնապահպանութեան նախարարութիւններուն մէջ – ինչպէս նաեւ իսկապէս տպաւորիչ եւ աննախադէպ ճանապարհներու նորոգութիւններ, արագ, մաքուր, որակով:
Ճի՛շդ է նաեւ, որ տակաւին լուրջ եւ արդունաւէտ տնտեսական զարգացման ծրագիր մէջտեղ չեկաւ, ո՛չ ալ մենաշնորհային համակարգը հակակշռի տակ բերուեցաւ:
Ճի՛շդ է, որ այսօր, Հայաստանի մէջ, մեր հնագոյն կուսակցութիւններէն մէկը, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, լայն ժողովրդականութիւն չի վայելեր, եւ, անցած քսան տարիներուն ընթացքին, կուսակցութեան ղեկաւար մարմինները կորսնցուցած են իրենց բարոյավարկը Հայաստանի հասարակութեան առջեւ:
Ճի՛շդ է նաեւ, որ Առաջին Հանրապետութեան հիմնադիրը Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնն է, որ 129 տարիներ եղած է հայ ժողովուրդին շահերը հետապնդող եւ պաշտպանող գլխաւոր (եւ երբեմն միա՛կ) կուսակցութիւնը, եւ որ իր գաղափարաբանութեամբ եւ իր ընկերներուն արիւնով եղած է հայ ժողովուրդին նուիրուած ամէնէն կարեւոր ուժերէն մէկը, եթէ ոչ ամէնէն կարեւորը:
Եւ ինչո՞ւ չէ, անցնինք քայլ մը առաջ – անտեղի եւ ցաւալի են ՀՅԴի ղեկավարին Փաշինեանը տուն ղրկելու յոխորտանքը, եւ ՀՀ վարչապետին ՀՅԴն Հայաստանի մէջ «ապագայ չունի» յայտարարութիւնը, նոյնիսկ (եւ մանաւա՛նդ) եթէ երկուքին ալ միտքին մէջ արդարացուցիչ պատճառներ կային այդ արտայայտութիւնները ընալու:
Կրնանք շարունակել երկկողմանի այս դիտարկումները եւ յիշել տասնեակ ուրիշ օրինակներ: Կարեւորը շեշտելն է, որ այս երեւոյթներուն միայն մէկ կողմին վրայ կեդրոնանալը ոչ միայն սխալ է, այլ՝ անարդիւնաւէտ: Միայն մէկ կողմը բարձրաձայնող հրապարակախօսը կը կորսնցնէ իր բարոյավարկը, եւ եթէ նոյնիսկ ունենայ արժանի գաղափարներ, անկարելի կը դառնայ զինք լուրջի առնել:
***
Միաւորման եւ ներքին դիւանագիտութեան եւ անաչառութեան մարտահրաւէրները դիմագրաւելը բոլոր քաղաքական խմբակցութիւններուն պատասխանատուութիւնն է: Սակայն ՀՀ պետութիւնը յատուկ դեր ունի խաղալու այդ կապակցութեամբ: Կեդրոնական համախմբող եւ նախաձեռնող ուժի մը կենսական կարիքը կայ, եւ այդ կարիքը կրնայ գոհացնել միայն Հայաստանի կառավարութիւնը: Կառավարութի՛ւնն է, որ պիտի առաջնորդէ այս յեղաշրջման գործընթացքը, եւ այդ կրնայ ընել միայն իր իտէալական օրինակով:
Եթէ համաշխարհային հայութեան իրավիճակը մնայ այն, ինչ որ էր անկախ պետականութենէն առաջ – այսինքն, եթէ այն պառակտումները եւ թշնամութիւնները, որոնք դարեր շարունակ խեղդած են հայ ժողովուրդը չթեթեւնան անկախ պետականութեամբ – ալ ի՞նչն է իմաստը անկախութեան: Անկախ պետականութիւնը պէտք է ըլլայ կեդրոնական ձգողական ուժը, որուն շուրջ ի վերջոյ կը մեկտեղուի մեր բաժան-բաժան եղած ժողովուրդը: «Մէկ Ազգ» տեսլականը՝ մեր հզօրագոյն ազգային տեսլականներէն մէկը, միայն այդպիսով հնարաւարութիւն կ՛ունենայ իրականանալու:
Տէր եւ Տիկ. Նշան եւ Ռուբինա Փիրումեան
Իրենց Սրտագին Մաղթանքներով Կը Շնորհաւորեն
Ձեր Նոր Տարին եւ Ս. Ծնունդը