«Ժողովուրդիս Հետ, Ժողովուրդիս Համար»
Հարիւր եւ 10ամեայ Հայ Օգնութեան Միութեան համահայկական իրականութեան մէջ՝ իր շուրջ 1200 անդամուհիներով ու 24 մասնաճիւղերով, իւրայատուկ տեղ կը գրաւէ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Հայ Օգնութեան Միութիւնը, որուն շարունակական ներդրումը Միութեան համահայկական ծրագիրներու իրականացման գործընթացին մէջ եղած է ու կը մնայ անփոխարինելի:
Մասնաճիւղեր գոյութիւն ունեցած են Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան ափին վրայ 1915 թուականէն սկսեալ: Անոնք նշանակալի դերակատարութիւն ունեցած են հայ իրականութենէն ներս՝ նպաստելով ազգային կեանքի հունաւորման աշխատանքներուն:
1984 թուին Լոս Անճելըսի մէջ կը գումարուէր ՀՕՄի Հիւսիւսային Ամերիկայի 64րդ Պատգամաւորական ժողովը, ուր եւ հիմը կը դրուէր Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Հայ Օգնութեան Միութեան, որուն սահմաններուն մէջ կը մտնէին Միսիսիփի գետէն արեւմուտք գտնուող ՀՕՄի բոլոր մասնաճիւղերը: Այս նոր շրջանային միաւորին առաջնահերթ աշխատանքները կ՛ընդգրկէին նիւթականի ապահովում, ընկերային հարցերու լուծում, կազմակերպչական եւ յատկապէս գաղութին կարիքները գոհացնելու նախաձեռնութիւններ:
Շրջանիս իրագործուած գլխաւոր ծրագիրներն են.
Տեղական մակարդակի վրայ՝
17 շաբաթօրեայ վարժարաններու եւ 3 մանկամսուրներու հովանաւորութիւն,
Հայ լեզուի դաընթացքներ պետական դպրոցներէ ներս,
Կրթաթոշակ արժանաւոր ուսանողներու,
Նիւթա-բարոյական աջակցութիւն Ազգային վարժարաններու,
Հոգեբանական օգնութեան կեդրոն Կլենտէյլի մէջ,
Դաստիարակչական աշխատանիստներ,
Նիւթական միջոցներու ապահովում հանգանակութիւններու ճամբով,
Ընկերային ծառայութեան գրասենեակներ՝ հիմնուած 1979ին,
Կարիքաւոր ընտանիքներու օժանդակութիւն։
Հայաստան, Արցախ եւ Ջաւախք՝
Օգնութիւն Հայաստանի երկրաշարժէն տուժածներուն,
Ծնողազուրկ որբերու խնամակալութիւն,
Բնակարաններու կառուցում քանդուած շրջաններու մէջ,
Արցախի օժանդակութիւն,
Առողջապահական ու հոգեբանական կեդրոններու հաստատում,
Հայրենի որբանոցներու եւ մանկապարտէզներու օժանդակութիւն,
Ակնաբուժական կեդրոններ Թալինի, Երեւանի եւ Վանաձորի մէջ,
Նիւթաբարոյական օգնութիւն՝ Ջաւախքի հայ բնակչութեան,
Մարալիկի հիւանդանոցի նորոգութիւն,
Վանաձորի համալսարանի մասնաշէնքի նորոգութիւն,
Ատամնաբուժարաններու կառուցում Գիւմրիի, Վանաձորի եւ Սպիտակի մէջ,
Բնակարաններու, դպրոցի մը եւ մանկապարտէզի մը կառուցում Նոյեմբերեանի,
Կրաշէնի եւ Սարիարի մէջ, Հայաստանէն բժիշկներու մասնագիտական վերապատրաստում Միացեալ Նահանգներու մէջ։
Այսպէս, 1988ի երկրաշարժէն եւ Արցախի ազատագրական կռիւներէն մինչեւ մեր պետականութեան անկախացման ուրախ թէ տխուր օրերը, Մայր կազմակերպութեան կողքին, ՀՕՄի ԱՄՆ Արեւմտեան շրջանս տուած է իր կարելիէն աւելին՝ հասնելով տառապեալներուն եւ ընչազուրկ բազմութիւններու հիմնական կարիքներուն, այդ բոլորին կողքին, ինչպէս անոր Շրջանային վարչութեան ցուցմունքներով աշխատող ժրաջան յանձնախումբերուն ու մասնաճիւղերուն յարատեւ գործունէութիւնը ցոյց կու տայ, երբէք չմոռնալով ՀՕՄականի տեղական թէ համասփիւռքեան բազմազան պարտաւորութիւնները:
Շրջանային վարչութեան աշխատանքներուն յաջողութեան գլխաւոր ազդակը հանդիսացած են յանձնախումբերը, որոնք կը շարունակեն գործել հետեւեալ մարզերէն ներս.
Շաբաթօրեայ վարժարաններու Խնամակալ մարմին,
Դաստիարակչական յանձնախումբ,
Հանգանակային յանձնախումբ,
Հայաստան-Արցախ յանձնախումբ,
Ջաւախք յանձնախումբ,
Հանրային յարաբերութիւններ եւ քարոզչութիւն,
Հոլիվուտի, Փասատինայի, Նորթ Հոլիվուտի եւ Կլենտէյլի մէջ կառավարական յատկացումներով ՀՕՄի Ընկերային ծառայութեան գրասենեակները ներկայիս իրենց պաշտօնեաներով մօտէն կը հետեւին գաղութին այլազան կարիքներուն եւ ըստ այնմ կը ծրագրեն իրենց աշխատանքները՝ մատակարարելով իրենց օժանդակութիւնը հետեւեալ մարզերէն ներս.
Գործի հայթայթում,
Գաղթականներու ծառայութիւններ,
Այլազան ծառայութիւններ տարեցներուն,
Անգլերէնի դասաւանդում,
Փոխադրամիջոցի կտրօններու բաշխում,
Ուտեստեղէնի եւ հագուստի բաշխում տօնական օրերուն,
Խորհրդատուութիւն ընտանեկան եւ այլ հարցերու շուրջ։
Կլենտէյլի ՀՕՄի Հոգեբանական կեդրոնը կ՛ընծայէ իր ծառայութիւնները հետեւեալ բնագաւառներէն ներս.
Անհատական եւ խմբային դարմանում,
Ընտանիքներու դարմանում,
Ծնողներու դաստիարակչական աջակցութիւն։
Քիչ են այն կազմակերպութիւնները, որոնք երկար ու անընդմէջ տարիներ կը ծառայեն մարդկութեան: ՀՕՄը այդ քիչերուն լաւագոյնն է, որովհետեւ ազգանուէր նպատակներ կը հետապնդէ: Մարդկութեան եւ իր ժողովուրդին զարգացման ուղղուած ծրագիրներ կը մշակէ եւ կարեւորը մեր մայրենի լեզուի, մշակոյթի եւ աւանդութիւններուն արթուն պահակը կը հանդիսանայ:
Մարդասիրութիւն, ծառայութիւն, օգնութեան ձեռք, ազգասիրութիւն եւ հայրենասիրութիւն՝ այս է Հայ Օգնութեան Միութեան առաքելութեան գլխաւոր նպատակը:
ՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԱՄՆ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՇՐՋԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
Հայ Օգնութեան Միութեան
Ամերիկայի Արեւմտեան Շրջանի
Շրջանային Վարչութիւնը
Կը շնորհաւորէ համայն հայութեան Նոր Տարին Եւ Ս. Ծնունդը
մաղթելով մեր Հայրենիքին Հզօրութիւն, Արցախին միջազգային ճանաչում,
իսկ Ջաւախքի եւ Սուրիոյ մեր հայրենակիցներուն
համբերութիւն եւ յարատեւելու կամք:
Ամանորեայ զոյգ տօներուն առիթով, մեր անսահման շնորհակալութիւիններն
ու երախտագիտութիւնը կը յայտնենք ՀՕՄի բարերարներուն, հովանաւորներուն,
նուիրատուներուն, ՀՕՄի հայրենի եւ տեղական ծրագիրներու զօրակցողներուն
եւ մեր 27 մասնաճիւղերու անդամներուն, Ընկերային Ծառայութեան
եւ Հոգեբանական զոյգ կեդրոններու տնօրէնութեանց եւ պաշտօնէութեանց
Թող նոր տարին բարեբեր եւ նոր նուաճումներու տարի հանդիսանայ բոլորիս:
The ARS of Western USA, Regional Executive extends its greetings
for a Happy New Year and Merry Christmas with wishes of
strengthening our homeland, gaining international recognition for Artsakh,
and further willpower to sustain Armenians in Javakhk and Syria.
We extend our sincere thanks and appreciation to ARS sponsors
and donors, supporters of local and international ARS programs,
the members of our region’s 27 chapters, as well as the administration
and staff of our Social Services and Child, Youth, and Guidance Center.
May the New Year be filled with great prosperity for all.
Թեքսաս
ՀՅԴ «Սերոբ Աղբիւր» Կոմիտէ
ՀՕՄի «Շողեր» Մասնաճիւղ
ՀԵԴ «Դրօ» Մասնաճիւղ
Հայաստանին՝ Բարգաւաճում,
Արցախին՝ Կայունութիւն,
իսկ Սփիւռքին՝ Տուն Դառնալու
Անյողդողդ Վճռակամութիւն
ՔՐԵՍԵՆԹԱ ՀՈՎԻՏ
ՀՅԴ «Սիմոն Զաւարեան» Կոմիտէութիւն
ՀՕՄի «Թալին» Մասնաճիւղ
ՀՄԸՄի «Շանթ» Մասնաճիւղ
ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» Պատանեկան Միութիւն
ՀԵԴ «Զարթօնք» Ուխտ
Հայ-Ամերիկեան Տարեցներու Միութեան
Քրեսենթա Հովիտի Մասնաճիւղ
Կը Շնորհաւորենք Շրջանի Ընկեր-Ընկերուհիները եւ Համայն Հայութիւնը
Մաղթելով Նորանոր Նուաճումներ 2020ին