ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութենէն նախկին պատգամաւոր եւ իշխանամէտ «Սթար» թերթի յօդուածագիր Մեհմետ Մեթիներ ուշագրաւ յօդուած մը հրապարակեց իշխող կուսակցութեան նախկին եւ ներկայ ղեկավարներուն մասին: Ըստ Մեթիների՝ նախկին վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլու եւ երկրին 11րդ նախագահը՝ Ապտուլլլահ Կիւլ նախապէս կը փափաքէին իշխող կուսակցութեան ղեկավար դիրքերէն հեռացնել Էրտողանը, իսկ այժմ անոնք իրենց ջանքերը միացուցած են՝ «առանց էրտողանի Թուրքիա մը» ստեղծելու համար:
Նշենք, որ 19 Դեկտեմբերին տեղի ունեցաւ Տաւութօղլուի նորակազմ «Ապագայ» կուսակցութեան հիմնադիր խորհուրդի նիստը, որպէսզի ընտրեն կուսակցութեան գործադիր խորհուրդի եւ այլ մարմիններու անդամները:
Մինչ Տաւութողլու նիստի 132 մասնակիցներու քուէներով միաձայնութեամբ ընտրուեցաւ կուսկացութեան նախագահը, կուսակցութեան 60 հոգինոց գործադիր խորհուրդի անդամ ընտրուեցաւ նաեւ կուսակցութեան հիմնադիրներէն Էթյէն Մահճուպեան, որ Տաւութօղլուի վարչապետութեան օրերուն անոր գլխաւոր խորհրդականներէն մէկը եղած էր: