Շաբաթ, 14 Դեկտեմբերին, Գանատայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Օթթաուայի դեսպանատան մէջ, արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Անահիտ Յարութիւնեան հիւրընկալեց ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան (ԳԵՄ) Կեդրոնական վարչութեան, Մոնթրէալի «Լեւոն Շանթ», Լավալի «Բեկոր Աշոտ» եւ Թորոնթոյի «Սիմոն Զաւարեան» մասնաճիւղերու, ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» Ուսանողական Միութեան (ԱԳՈՄ), Լավալի Հայ Դատի յանձնախումբի, Համազգայինի եւ ՀՄԸՄի ներկայացուցիչները:
Հայաստանի դեսպանատան կողմէն կազմակերպուած Ամանորի համագաղութային ընդունելութեան ծիրին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպումը։