ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ «Ֆլեշ» ընկերութեան նախագահ Բարսեղ Բեգլարեանի գոյքը կալանքի տակ առնուեցաւ։ Այս մասին յայտնեց Յատուկ քննչական ծառայութիւնը:
Անոնց գոյքին վրայ կալանք դրուած է ենթադրեալ յանցագործութեամբ եղած վնասի չափով՝ պետութենէն առանձնապէս մեծ քանակութեամբ վատնում կատարելու դէպքի առթիւ յարուցուած քրէական գործով: