ՄԱՀԱԶԴ. ԽԱԺԱԿ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, եղբօր եւ հարազատին՝ Խաժակ Սարգիսեանի մահը, որ պատահեցաւ Շաբաթ, Դեկտեմբեր 14, 2019ին։
Տան կարգը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Դեկտեմբեր 22, 2019ին, երեկոյեան ժամը 6ին, Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2019ին, կէսօրէն առաջ ժամը 11ին, Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, ապա թաղումը՝ Cypress Lawn գերեզմանատան մէջ, 1370 El Camino Real, Colma, CA 94014։
Սգակիրներ՝
Այրին՝ Հիլտի Սարգիսեան
Զաւակը՝ Արամ եւ Քարէն Սարգիսեան եւ զաւակները՝
Ալէք, Լոռի եւ Դալար
Զաւակը՝ Սեւակ եւ Թամար Սարգիսեան եւ զաւակները՝
Արթուն եւ Սիրան
Եղբայրը՝ Ժիրայր եւ Սրբուկ Սարգիսեան
Լուսի Սարգիսեան
Արմանտ եւ Թամար Քիլիճեան եւ ընտանիք
Սարգիս եւ Թամար Սարգիսեան եւ ընտանիք
Զարեհ Սարգիսեան
Անիթա եւ Քեւըն Ռէսդանի
Մայքըլ եւ Պօնի Սարգիսեան եւ ընտանիք
Եւ համայն Սարգիսեան, Շահինեան, Փանոսեան, Սահակեան,
Գույումճեան, Թորոսեան, Զէյպէրի, Սեդրակ եւ Անուշ Մակտէսեան, Գոխ, Նիէսար եւ Սղօլց ընտանիքներն ու հարազատները
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել Սան Ֆրանսիսքոյի Գռուզեան-Զաքարեան Վասպուրական Ազգային վարժարանին կամ Հայ Դատի գրասենեակին։