ՏՈՔԹ. ՄԱՅՔ ՍԱՐԵԱՆ ԿԸ ՍՏԱՆՁՆԷ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 57ԱՄԵԱԿԻ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹԻՆ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԻՒՆԸ
ԷՆՍԻՆՕ.- Կիրակի, 8 Դեկտեմբերին, կ.ե. ժամը 1ին, Էնսինոյի NARA ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ Տիկնանց միութեան կազմակերպած Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան ճաշկերոյթը:
Տարուան մէջ չկայ աւելի գեղեցիկ ժամանակ, քան Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան շրջանը, երբ բոլորիս կեանքը կը լեցուի տօնական օրերու ուրախութեամբ, երբ մեր ընտանիքներով եւ բարեկամներով ցնծագին կը վայելենք անոր լուսաշող մթնոլորտը, Ս. Ծննդեան հոգելից երգերով եւ մեր սիրելիներուն հետ փոխանակած նուէրներով: Սակայն, մենք պէտք չէ մոռնանք մեծագոյն նուէրը, որ Աստուած պարգեւած է բոլորիս՝ կեանքը վայելելու՝ իբրեւ անհատներ եւ իբրեւ հաւաքականութիւն։ Ամենակալին մեզի շնորհած անսահման բարիքներուն համար բոլորս ալ պէտք է երախտապարտ ըլլանք:
Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Ռազմիկ Ա. քհնյ. Խաչատուրեան սեղանի օրհնութենէն ետք ողջունեց ներկայութիւնը ՀՅԴ «Ռոստոմ» եւ «Ա. Շիրակեան» կոմիտէներուն, ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան, «Անահիտ» եւ «Լոռի» մասնաճիւղերուն, ծխական շրջանիս ազգային երեսփոխաններուն, եկեղեցւոյ 55ամեակի եւ 56ամեակի ճաշկերոյթներու նախագահներ տէր եւ տիկին Ծերոն եւ Սոնա Թիթիզեաններուն եւ տէր եւ տիկին Ժոզէֆ եւ Նորա Սիմոնեաններուն յաջորդաբար, եւ եկեղեցւոյ անդաստանին մէջ գործող նուիրեալներուն։ Նոյն ժամանակ, ան իր եւ Հոգաբարձութեան անունով շնորհաւորեց ներկաներուն եւ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին Ամանորը եւ Ս. Ծնունդը՝ մաղթելով, որ 2020 տարին բոլորիս համար ըլլայ ուրախ անակնկալներով լեցուն եւ խաղաղութիւն բերէ համայն աշխարհին եւ մանաւանդ Հայաստանին:
Տէր հայրը նաեւ գնահատական խօսք ուղղեց Տիկնանց միութեան, որ իբրեւ Ամանորը եւ Ս. Ծնունդը խորհրդանշող նախատօնակ, գեղեցիկ գաղափարը ունեցան Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը ի մի համախմբելու սիրոյ սեղանի շուրջ:
Ատենապետուհի Նենսի Պէտիրեան ողջունեց բոլորին ներկայութիւնը եւ Տիկնանցին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց հոգեւոր հովիւին, Հոգաբարձութեան եւ վերջապէս ներկաներուն, որոնք հակառակ իրենց տօնական օրերու խճողուած ժամանակացոյցին՝ շտապած էին սոյն ձեռնարկը քաջալերելու:
Ապա, Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդին կողմէ Կրեկ Մարթայեան գնահատագիր փոխանցեց հովիւին, Հոգաբարձութեան, Տիկնանց միութեան եւ 55րդ ու 56րդ ամեակի ձեռնարկներու նախագահներուն, գաղութին մէջ իրենց ունեցած նուիրեալ ծառայութեան համար:
Տօնական մթնոլորտի մէջ, երբ ներկաները կը վայելէին համադամ ճաշը, տէր հայրը ուրախութեամբ յայտարարեց, թէ անցեալի հոգաբարձու եւ ատենապետ տոքթ. Մայք Սարեան 57,000 տոլարի առատաձեռն նուիրատուութեամբ՝ ազնուաբար յանձն կ՛առնէ եկեղեցւոյս հիմնադրութեան 57րդ ամեակին նուիրուած ճաշկերոյթին նախագահութիւնը. այս ձեւով Սիմոնեան ամոլը նախագահութեան ջահը կը փոխանցէ Սարեան ընտանիքին:
Յանուն հովիւին, Հոգաբարձութեան եւ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին՝ տէր հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց տոքթ. Սարեանին եւ իր խօսքը շարունակեց՝ ըսելով. «Տոքթ. Մայք Սարեան կը պատկանի եկեղեցւոյս անդաստանին մէջ գործող այն սերունդին, որ միշտ իր լուման ձգած է Աստուծոյ տան պայծառացման համար եւ ոչինչ խնայած մեր հոգեմտաւոր շէնքի յարատեւ վերելքին։ Վերոյիշեալ նուիրատուութեամբ՝ ան անգամ մը եւս եկաւ փաստելու Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ հանդէպ իր ունեցած կապուածութիւնը, որ վստահաբար կու գայ իր արարատանման հաւատքէն»:
Ապա խանդավառ եւ ընտանեկան մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցաւ նուիրահաւաք:
Ներկաները ցնծագին ծափահարութիւններով ողջունեցին Սարեան ընտանիքը եւ բոլոր նուիրատուներուն օրինակելի կեցուածքը, որ երաշխիք է Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ պայծառացման ու յարատեւման:
Ճաշկերոյթը վերջ գտաւ ուրախ եւ սիրալիր մթնոլորտի մէջ, եւ ներկաները 2020ի Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան շնորհաւորական մաղթանքներով բաժնուեցան իրարմէ:
(Թղթակցութիւնը՝ եկեղեցիէն)