ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Հինգշաբթի, 12 Դեկտեբերին, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան ընդունեց այցելութիւնը Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոս դոկտ. Արմէն Բայբուրդեանի։
Դոկտ. Բայբուրդեան ներկայացուց հիւպատոսարանի գործունէութեան ծրագիրները եւ անոր ընդարձակման ընթացքը։ Խօսակցութիւնը կեդրոնացաւ համայնքը յուզող հարցերու շուրջ։ Առաջնորդ սրբազանը եւ գլխաւոր հիւպատոսը նաեւ ողջունեցին Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին կողմէ նոյն օրը որդեգրուած Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը։