ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի կառավարութիւնը Միացեալ Նահանգներու հիւսիսային Քալիֆորնիոյ Սիլիքոն հովիտի «Տրեփըրի» ձեռներէցութեան դպրոցին մէջ ուսանելու համար պետական կրթաթոշակ պիտի տրամադրէ հայ երիտասարդներու:
17 Դեկտեմբերին, լրագրողներու հետ ունեցած իր զրոյցին ընթացքին այս մասին տեղեկացուց Հայաստանի բարձր արհեստագիտութեան արդիւնաբերութեան նախարար Յակոբ Արշակեան:
«Մենք վարչապետի գլխաւորութեամբ վերջերս սիլիկոնեան հովտում էինք: Մի շատ կարեւոր պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերեցինք՝ Հայաստանի կառավարութիւնն առաջին անգամ պետական կրթաթոշակ կը տրամադրի հայ երիտասարդներին՝ ուսանելու սիլիկոնեան հովտում: Կրթական բացառիկ ծրագիրը հոգալու է ընտրուած այն ձեռներէցների ուսման հետ կապուած բոլոր ծախսերը, ովքեր կը ցանկանան եւ կը դիմեն այդ ծրագրին, եւ հնարաւորութիւն կը ստանան 7 շաբաթ տեւողութեամբ ձեռներէցութեան եւ բիզնես դասընթացներ անցկացնելու «Դրեփերի» համալսարանում», յայտնեց Արշակեան:
Ան տեղեկացուց, որ «Տրեփըրի» համալսարանին մէջ կը դասաւանդեն յայտնի եւ յաջողած ձեռներէցներ:
Ան նաեւ դիտել տուաւ, որ Հայաստանի կառավարութիւնը կը շարունակէ Google-ի եւ PayPal-ի հետ բանակցութիւնները, որոնք կը միտին այդ ընկերութիւններուն կողմէ մատուցուող շարք մը ծառայութիւններու հայացման եւ հայերէնի յարմարեցման։
«Մենք մի քանի խնդիր ունենք YouTube-ի, Google Maps-ի, PayPal-ի եւ Google Play-ի հետ կապուած: Այս ուղղութիւններով բաւական լուրջ աշխատանքներ ենք տանում, Սփիւռքի հետ ենք համագործակցում: Մեր Սփիւռքի այն հայրենակիցները, որոնք աշխատում են այդ կազմակերպութիւններում, նոյնպէս ներառուած են այդ աշխատանքներում: Աշխատանքային ընթացք է, գնահատականներ այս պահին չեմ կարող հնչեցնել, բայց այս տեմպերով եթէ գնանք, բաւական արագ կը հասնենք արդիւնքի», յայտնեց Արշակեան՝ աւելցնելով, թէ հաւանական է, որ անիկա իրականանայ 2020ին։