ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Wizz Air օդանաւային ընկերութիւնը արդէն իսկ մուտք գործեց հայաստանեան շուկայ եւ պիտի սկսի թռիչքներ իրականացնել դէպի Հայաստան եւ հակառակ ուղղութեամբ: 16 Դեկտեմբերին տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին այս տեղեկութիւնը փոխանցեց ընկերութեան համագործակցութեան ղեկավար Անտրաս Ռատօ։ Ան դիտել տուաւ, որ ընկերութիւնը կ՛օգտագործէ նոր եւ ժամանակակից օդանաւեր՝ աւելցնելով, որ ընկերութիւնը ուղղակի թռիչքներ կը կատարէ։
Յաջորդ տարուան Ապրիլէն սկսեալ, թռիչքներ պիտի կատարուին դէպի Վիեննա ու Վիլնիւս՝ շաբաթը 2 անգամ. տոմսերուն գիները կը սկսին 24.99 եուրոյէն, եւ արդէն կարելի է զանոնք առցանց ապահովել կամ նոյն նպատակով ներբեռնել համապատասխան յաւելուած։
Ներկայացուցիչը նշեց, որ ներկայիս ընկերութիւնը ունի 120 օդանաւեր: Հայաստանի կողքին, ընկերութիւնը կը սպասարկէ 152 օդակայաններու, որոնցմէ 25ը՝ Եւրոպայի մէջ։