ՀԱԼԷՊ.- Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեանի, կազմակերպութեամբ Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի (ՍՕԽ) Շրջանային վարչութեան, Երեքշաբթի, 10 Դեկտեմբերի յետմիջօրէին, «Գ. Եսայեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՍՕԽի 100ամեակին յիշատակումը:
Հանդիսութեան սրբազան հօր կողքին ներկայ էին Բերիոյ թեմի Կաթողիկէ հայոց համայնքապետ Պետրոս արք. Միրիաթեան, Հայ աւետարանական համայնքի պետ վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչները, աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու գրասենեակի պետական տնօրէնը, քահանայ հայրեր եւ ՍՕԽի մեծ ընտանիքի անդամներ:
Հայերէն բացման խօսքով հանդէս եկաւ Շրջանային վարչութեան անդամ Սիւզի Խշուաճեան, որ վեր առաւ միութեան հարիւրամեայ ժողովրդանուէր ծառայութեան խորհուրդը: Արաբերէն բացման խօսք արտասանեց Շրջանային վարչութեան անդամ Լենա Էլէյճեան, որ յատկապէս պատերազմի տարիներուն ընթացքին Սուրիոյ մէջ բարեսիրական աշխատանքներուն կարեւորութեան անդրադարձաւ:
Հանդիսութեան իրագործուեցաւ պատշաճ գեղարուեստական յայտագիր մը։
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ ՍՕԽի գործունէութիւնը ներկայացնող տեսերիզի ցուցադրութիւնը:
ՍՕ Խաչի Շրջանային վարչութեան խօսքը ներկայացուց ատենապետուհի Սեդա Կէրկէրեան, իսկ ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան խօսքը արտասանեց ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան նախկին անդամ Զեփիւռ Է. Ռէյիսեան:
Օրուան բանախօսն էր Քեսապի «Մեղրի» մասնաճիւղի անդամ դոկտ. Շողիկ Աշըգեան, որ ներկայացուց ՍՕ Խաչի պատմականը եւ հարիւրամեայ գործունէութեան նպատակը եւ մարտահրաւէրները:
12 վաստակաշատ խաչուհիներ ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան գնահատագիրներով պարգեւատրուեցան, միութեան շարքերուն մէջ իրենց մատուցած առաւել քան 50 տարիներու անձնուէր ծառայութեան համար:
Օրուան եզրափակիչ պատգամը ուղղեց թեմակալ առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեան, որ ըսաւ. «50ամեայ ծառայութիւն ունեցող խաչուհիներուն ստացած գնահատագիրները համալսարանական վկայականէ մը աւելի մեծ խորհուրդ ունին այս բեմին վրայ: Մեր մայրերուն եւ քոյրերուն ծառայողական աշխատանքին շնորհիւ է, որ հալէպահայը, լիբանանահայը, Միջին Արեւելքի բոլոր հայ գաղութներու մեր զաւակները, ամէնէն ծանր պայմաններու մէջ ապրելով մէկտեղ՝ կարօտեալներ չդարձան, այլ արժանապատիւ կեանք ապրեցան ու հայկական միջավայրի ջերմ մթնոլորտին մէջ դէմ դրին կեանքի դժուարութիւններուն»:
Հանդիսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ 100ամեակին նուիրուած կարկանդակի հատումը: