Հռոմի մէջ տեղի ունեցած «Piu libri piu liberi» գիրքերու ազգային տօնավաճառի ծիրին մէջ, 7 Դեկտեմբերին իրականացաւ Վենետիկի «Քա Ֆոսքարի» համալսարանի հայոց լեզուի եւ գրականութեան դասախօս Ալտօ Ֆերարիի «Կորսուած Հայաստան. Ճամբորդութիւն Ժողովուրդի Մը Յիշողութեան Մէջ» գիրքին շնորհահանդէսը:
Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ Իտալիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանատունը կը տեղեկացնէ, որ ելոյթ ունեցան իտալահայ գրող, «Արտոյտներու Ագարակը» վէպին հեղինակը՝ Անթոնիա Արսլան, «Il Messaggero» օրաթերթի լրագրող Ֆրանքա Ճանսոլտաթի եւ Իտալիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան Վիքթորիա Պաղտասարեան:
Դեսպան Պաղտասարեան յայտնեց, որ այսպիսի գործերու շնորհիւ է, որ պատմութեան առարկայական ներկայացումը կրնայ յանգեցնել պատմութեան ընթացքին մարդկութեան դէմ գործուած յանցագործութիւններու դատապարտման եւ ապագային զանոնք կանխարգիլելուն ուղղուած միջոցառումներու նախաձեռնման, ինչպէս որ այդ մէկը պատահեցաւ, երբ Իտալիոյ խորհրդարանը ճանչցաւ եւ դատապարտեց Օսմանեան կայսրութեան տարածքին 1915ին իրականացուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը: