ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Սուրէն Պապիկեան, անդրադառնալով Արեւելեան գործընկերութեան «Եւրանեսթ» խորհրդարանական վեհաժողովին Ատրպէյճանի պատուիրակութեան այն յայտարարութեան, թէ հայկական կորիզային կայանը վտանգ կը ներկայացնէ տարածաշրջանին համար՝ հաստատեց, որ կայանը կը գործէ միջազգային բոլոր չափանիշներուն համապատասխան: Ըստ անոր՝ այն բոլոր գործողութիւնները, որոնք կը կատարուին այնտեղ, կը խօսին այն մասին, որ մտահոգութիւնները տեղին չեն։
Նշենք, որ «Եւրանեսթ»ի մէջ հայկական պատուիրակութիւնը կրցած էր Ուժանիւթի յանձնաժողովին մէջ տապալել ատրպէյճանական պատուիրակութեան կողմէ հերթական հակահայկական նախաձեռնութիւնը՝ Մեծամօրի կորիզային կայանը փակելու պահանջը:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք կը նախատեսուի՞ նոր կայան կառուցել՝ նախարար Պապիկեան ըսաւ, որ ներկայիս նման հարց չի քննարկուիր, որովհետեւ գործող կայանին արդիականացման աշխատանքներուն աւարտէն ետք անոր կեանքը պիտի երկարաձգուի մինչեւ 2026 թուականը։
Նախարարը նշեց, որ չի փափաքիր կանխատեսումներ ընել, սակայն կարելիութիւնները թոյլ կու տան, որ կայանը աշխատի մինչեւ 2036 թուականը: Ան շեշտեց, որ արդիականացումը միշտ անհրաժեշտ է. անվտանգութեան տեսանկիւնէն շատ կարեւոր է, որ ամէն տարի որոշ փոփոխութիւններ եւ արդիականացումներ տեղի ունենան: «Մի բան փաստ է, որ Հայաստանի համար ատոմակայանն ունի ստրատեգիական (ռազմավարական-Խմբ.) նշանակութիւն: Հայաստանը խնդիր ունի էներգետիկ (ուժանիւթի-Խմբ.) առումով՝ լինել ոչ միայն ինքնաբաւ, այլ նաեւ՝ արտահանող երկիր: ԱԷԿը ապահովում է Հայաստանի էներգիայի՝ այս պահին 40 տոկոսը, բայց իր ողջ հզօրութեամբ գործելու դէպքում այն կարող է հասնել մինչեւ 50 տոկոսի», շեշտեց Պապիկեան:
Նախարար Սուրէն Պապիկեան նաեւ անդրադարձաւ Ռուսիոյ հետ համաձայնութեան՝ Մեծամօրի կորիզային կայանի երկրորդ պլոքի արդիականացման աշխատանքներուն համար նախատեսուած ռուսական վարկի օգտագործման ժամկէտը մինչեւ 2021 երկարաձգելու։ Ըստ անոր՝ այս տարուան ընթացքին քննարկուեցաւ վարկը երկարաձգելու խնդիրը:
«Այս պահին ունենք փոխհամաձայնութիւն եւ ՌԴ ֆինանսների նախարարութեան կողմից արդէն իսկ երկարացման համաձայնութիւն ստացուել է: Այս հարցը կը քննարկուի կառավարութեան առաջիկայ նիստում», դիտել տուաւ Սուրէն Պապիկեան՝ աւելցնելով, որ հարցին լուծման համար մնացած են միայն որոշ իրաւաբանական հարցեր: