ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Թուրքիոյ նախագահին աշխատակազմը Հայոց Ցեղասպանութիւնը ուրանալու պայքարին համար հաստատած է 1915.gov.tr կայքը: Անգլերէն կայքին վրայ տեղ գտած են թրքական պաշտօնական քարոզչութեան սուտ եւ անհիմն պն-դումները՝ 20րդ դարու սկիզբը օսմանեան իշխանութիւններու արիւնարբու գործողութիւններուն վերաբերեալ։
Կայքին առաջին էջին վրայ տեղ գտած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի խօսքերը. «Այսօրուան աշխարհին մէջ պատմութենէն թշնամութիւն ստեղծելը եւ նոր վէճեր յառաջացնելը չի կրնար ընդունելի ըլլալ եւ չի բխիր մեր համատեղ ապագայի կառուցման տեսլականէն»:
Կայքին վրայ կան շարք մը նիւթեր, «փաստաթուղթեր», որոնք նպատակ ունին ցուցադրելու, որ իբրեւ թէ հայերը ըմբոստացած են, կոտորած են թուրքեր, իսկ հայերու արտաքսումը միակ լուծումն էր: Էրտողանի՝ Հայոց Ցեղասպանութեան դէմ յայտարարութիւնները եւս տեղ գտած են կայքին վրայ:
Կայքին վրայ նաեւ կայ բաժին մը՝ յանուն Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման 1970-80ականներու հայկական կազմակերպութիւններու գործողութիւններուն մասին, իսկ այդ բաժինը վերնագրուած է «Armenian terror» («Հայկական ահաբեկչութիւն»):