
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայ կրթական հիմնարկութեան հիմնադրութեան 70ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւնը առիթ պիտի հանդիսանայ մեծարելու հիմնարկութեան երկար տարիներու անդամներէն Վահիկ Պետրոսեանը, որ պիտի ստանայ բարեսիրական կազմակերպութեան «Կեանքի մը իրագործումներ» մրցանակը։
1987էն ի վեր Հայ կրթական հիմնարկութեան մաս կազմող Պետրոսեան 29 տարիներ եղած է նաեւ հիմարկութեան վարչութեան անդամ եւ չորս տարի՝ վարչութեան ատենապետը։ Ան ներկայիս ստանձնած է ատենապետութիւնը հիմնարկութեան կրթանպաստներու ծրագիրին, որ վերջերս 2019-2020 տարեշրջանին համար 430 կրթանպաստներ տրամադրեց Հայաստանէն, Արցախէն եւ Ջաւախքէն աշակերտներու։
Պետրոսեանի եւ անոր ընտանիքին նիւթական աջակցութեամբ, հիմնարկութիւնը կրցած է իրականացնել վարժարաններու նորոգութեան, կրթանպաստներու եւ տարրալուծարաններու շարք մը ծրագիներ, որոնց կողքին, Պետրոսեան կամաւոր սպասարկութիւններ տրամադրած է հիմնարկութեան աշխատանքներուն յաջողութեան համար։
Ան նաեւ պատասխանատու պաշտօններ ստանձնած է ՀԵԴի, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին եւ այլ կազմակերպութիւներու մէջ եւ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Ռիչըրտ Թուֆենքեան մանկամսուրը եւ Ազգային Վահան եւ Անոյշ Շամլեան վարժարանը հիմնելու աշխատանքներուն մէջ։
Հանգստեան կոչուելէն առաջ, Վահիկ Պետրոսեան Քալիֆորնիոյ տարածքին սպասարկած է իր մասնագիտութեան՝ փոխադրական ճարտագիտութեան ոլորտին մէջ, բարձրաստիճան պաշտօններ վարելով նահանգային մակարդակով, ինչպէս նաեւ Լոս Անճելըս գաւառին եւ Կլենտէյլ քաղաքին պետական մարմիններուն եւ յանձնաժողովներուն մէջ։
«Ուրախ ենք, որ առիթը պիտի ունենանք մեծարելու Վահիկ Պետրոսեանը, որ ոչ միայն երկար տարիներու հովանաւոր է հիմնարկութեան գործունէութեան, այլ նաեւ գործնական մասնակցութիւն բերած է անոր ծրագիրներուն իրագործման, իբրեւ վարչական եւ կամաւոր։ Մեր համայնքը աւելիով կը հարստանայ Վահիկի եւ անոր նմաններուն նուիրեալ եւ օրինակելի սպասարկութիւններուն շնորհիւ», կը յայտնէ Հայ կրթական հիմնարկութեան նախագահ Փիթըր Պաղտասարեան:
Հայ կրթական հիմնարկութեան դրամահաւաքի տարեկան գլխաւոր ձեռնարկը հանդիսացող այս տօնակատարութիւնը տեղի պիտի ունենայ 26 Յունուարին, երեկոյեան ժամը 5։30էն սկեալ, «Պեվըրլի Հիլզ» պանդոկի սրահին մէջ, եւ անոր հասոյթը պիտի տրամադրուի հիմնարկութեան ընթացիկ ծրագիրներուն եւ կրթանպաստներուն:
Հիմնարկութեան եւ 70ամեակի տօնակատարութեան մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար՝ դիմել (818) 242-4145 թիւին կամ aef@aefweb.org հասցէին:
Նշենք, որ Հայ կրթական հիմնարկութիւնը հաստատուած է 1950ին, կրթական սպասարկութիւններ տրամադրելու համար հայ ուսանողներու եւ կրթական հաստատութիւններու՝ Հայաստանի, Արցախի, Ջաւախքի եւ Սփիւռքի տարածքին: