ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայ-ամերիկեան թանգարան եւ մշակութային կեդրոնը կը տեղեկացնէ, թէ Կիրակի, Դեկտեմբեր 8ին, Պեվըրլի Հիլզի «Հիլթըն» պանդոկի սրահին մէջ կայանալիք ձեռնարկին հանդիսավարութիւնը պիտի ստանձնէ մրցանակակիր հաղորդավար Լորա ՄըքՔենզին։ Նշենք, որ թանգարանին ի նպաստ տարեկան երկրորդ ճաշկերոյթին տոմսերը արդէն իսկ սպառած են:
Լոս Անճելըսի KTLA (թիւ 5) պատկերասփիւռի կայանին համար զբօսաշրջութեան յայտագիրներ պատրաստող Լորա ՄըքՔենզի, որ նաեւ Հայաստանի մասին յայտագիրներ պատրաստած էր, ծանօթացնելով Հայաստանի գլխաւոր տեսարժան վայրերը, միաժամանակ անդրադառնալով երկրի պատմութեան եւ մշակոյթին: Ան նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի ձեռամբ հակահայ սպանդներու ուրացման նուիրուած՝ «Ուրացման Ճարտարապետները» վաւերագրական ֆիլմը արտադրած խումբին անդամներէն մէկն է:
Ինչպէս հաղորդած էինք, ձեռնարկին ընթացքին պիտի մեծարուին Միացեալ Նահանգներու ծովուժի նախկին քարտուղար եւ պաշտպանութեան փոխնախարար ամերիկահայ Փօլ Ինկնէյշըս, Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչներու խորհուրդի անդամ Քեթրին Պարկըր եւ քաղաքագէտ ու իրաւագէտ Քեն Խաչիկեան:
Հայ-ամերիկեան թանգարանի եւ մշակոյթի կեդրոնի տարեկան ձեռնարկին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար՝ այցելել www.AAMGala.org կայքը կամ դիմել (818) 644-2073 թիւին:
Նշենք, որ Հայ-ամերիկեան թանգարանի վարչութեան մաս կը կազմեն շրջանի հետեւեալ կազմակերպութիւնները եւ հաստատութիւնները՝ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ կաթողիկէ առաջնորդարան, Հայ մշակութային հիմնարկութիւն, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանական միութիւն, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջան, Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւն, Հայ Օգնութեան Միութեան Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջան, «Նոր Օր» բարեգործական հիմնարկութիւն, «Նոր Սերունդ» մշակութային միութիւն, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդարան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդարան: