ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղկացնէ, թէ սկսած է քաղաքին 2020ի ընտրութիւններուն մասնակցող թեկնածուներ արժեւորելու գործընթացին, որուն հիման վրայ Հայ Դատի զօրակցութեան արժանացողները պիտի որոշուին։
Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Լուիս Պետրոսեան կը յայտնէ, թէ վարչութիւնը այս նպատակով հանդիպումներ պիտի ունենայ Հայ Դատի զօրակցութեամբ հետաքրքրուած թեկնածուներուն հետ։
Թեկնածուներ նման հանդիպումներ դասաւորելու համար կրնան դիմել
admin@ancaglendale.org հասցէին։