ՔՈՒԷՅԹ.- Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Քուէյթի «Քրիստափոր» Երիտասարդական եւ «Հ. Դժոխք» Պատանեկան միութիւններուն, Նոյեմբեր 29ին, քուէյթահայութիւնը հանդիսաւոր կերպով նշեց ՀՅԴ 129րդ ամեակը: Հանդիսութիւնը կը վայելէր Քուէյթի եւ Շրջակայից Հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Պետրոս վրդ. Մանուէլեանին հովանաւորութիւնը:
Հանդիսութիւնը կը գլխաւորէր ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան: Ներկայ էին նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Խաչերեան, Քուէյթի մօտ Հայաստանի դեսպան Սարմէն Պաղտասարեան, հիւպատոս Վարդգէս Յովսէփեան, Քույէթի ազգային եւ միութենական մարմիններու ներկայացուցիչներ, ազգային շունչով տոգորուած քուէյթահայեր:
Բացումը կատարուեցաւ ՀՄԸՄի փողերախումբին եւ ՀՄԸՄականներուն տողանցքով, եւ հնչեցին Քուէյթի, Հայաստանի եւ ՀՅԴի քայլերգները, պատանեկան երգչախումբի երգեցողութեամբ:
Օրուան բեմավար Ճորճ Արապաթլեան, իր բացման խօսքին մէջ անդրադարձաւ ՀՅԴի ծաւալած 129ամեայ գործունէութեան, որմէ ետք յեղափոխական երգերով ելոյթ ունեցաւ պատանեկան երգչախումբը՝ ղեկավարութեամբ Ժաննա Սերոբեանի:
ՀՅԴ Քուէյթի Պատկան մարմինի ներկայացուցիչ Ներսէս Սարգիսեան եւս իր խօսքը ուղղեց ներկաներուն, ապա գեղարուեստական բաժինը շարունակուեցաւ Կիլտա Իյճեանին կողմէ, Անդրանիկ Ծառուկեանի «Թուղթ Առ Երեւան»էն հատուածի մը ներկայացումով:
Այնուհետեւ, Յակոբ Տէր Խաչատուրեան հանգամանօրէն իր պատգամը փոխանցեց հանդիսականներուն՝ ըսելով. «Հակառակ ամէն տեսակի դժուարութիւններուն եւ մարտահրաւէրներուն, մենք չենք կրնար վհատիլ, իրաւունք չունինք յուսահատելու: Որպէս ղեկավարութիւն մեր պարտականութիւնն է պահել լաւատեսութիւնը եւ վճռակամութիւնը, յառաջ նայելու, կառուցողական լուծումներ գտնելու եւ վստահութիւն ներշնչելու մեր երիտասարդութեան մօտ, որպէսզի պայքարը անխափան շարունակուի եւ անոնց կիզակէտը միշտ դառնայ հայրենիքը: Ուստի, պարտինք մեր բոլոր իրագործումները կատարել ազգովին եւ միացեալ ուժերով բազմապատկել զանոնք: Ստեղծել ազգային օրակարգ, որպէսզի հայրենի պետականութիւնը պինդ ու ծաղկուն պահենք: Ամէն ջանք թափենք, որ արեան գինով ձեռք բերուած արցախեան յաղթանակը միջազգայնօրէն ամրագրուի, մինչեւ անոր միացումը Հայաստանին: Օժանդակենք ջաւախքահայութեան, իրենց մարդկային ու ազգային փոքրամասնական իրաւունքներու պաշպանութեան պայքարին մէջ: Իսկ Սփիւռքի հայութեան՝ հաղորդենք նոր կենսունակութիւն եւ հայակերտման մեր գործին նոր թափ եւ վճռակամութիւն տանք»:
Հանդիսութեան եզրափակիչ խօսքը արտասանեց հայր սուրբը, որ անդրադառնալով օրուան խորհուրդին՝ ըսաւ. «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան առաքելութեան առանցքը կը կազմէ ազգային արժէքներու պահպանումը, հայ եկեղեցւոյ եւ հայ դպրոցի սատարումն ու զանոնք զօրացնելու նպատակադրումը»:
Վերանորոգ թափով եւ ազգային վառ զգացումներով լիացած քուէյթահայերը մեկնեցան սրահէն, ՀՅԴ 130րդ ամեակը յաւելեալ յանձնառութեամբ եւ վճռակամութեամբ դիմաւորելու խոստումով:
(Քաղուած Մարիա Սարգիսեանի թղթակցութենէն)