ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հայաստանի Յատուկ քննչական ծառայութենէն յայտնեցին, որ նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանի նկատմամբ մեղադրանք առաջադրուած է Քրէական օրէնսգիրքի 38-179րդ յօդուածով՝ առանձնապէս մեծ չափի գումար իւրացնելու կամ վատնելուն համար։
Յատուկ քննչական ծառայութեան կողմէ քննուող քրէական գործի նախաքննութեան ընթացքին ձեռք բերուած բաւարար ապացոյցներու համակցութեան հիման վրայ Սերժ Սարգսեան կը մեղադրուի հանրօրէն վտանգաւոր այդ արարքի կատարման համար, որ ան 9 Ապրիլ 2008էն մինչեւ 9 Ապրիլ 2018 վարելով նախագահի պաշտօնը՝ իր պաշտօնական դիրքը օգտագործելով, 25 Յունուար 2013էն մինչեւ նոյն թուականի 7 Փետրուար կազմակերպած է պաշտօնատար խումբ մը անձերու կողմէ պետութենէն 489,160,310 դրամի վատնում եւ յափշտակութիւն:
Սերժ Սարգսեանի նկատմամբ իբրեւ խափանման միջոց ընտրուած է երկրէն չհեռանալը: Նախաքննութիւնը կը շարունակուի։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ազգային ժողովի նիստին ընթացքին անդրադարձաւ այս մեղադրանքին եւ ըսաւ. «Մի ժամանակ Հայաստանում կար գիւղատնտեսութեան վառելիքի սուբսիդաւորման (նպաստներ տալու-Խմբ.) ծրագիր: Քիչ առաջ այս լուրը կարդալով՝ պարոն Աւինեանի հետ յիշեցինք, որ մեր կառավարութիւնն է այդ ծրագիրը փակել՝ համարելով, որ դա կոռուպցիոն (զեղծարար-Խմբ.) ծրագիր է, իրականում գիւղացիներին ոչինչ չի տալիս: Հիմա ՅՔԾ հաղորդագրութիւնից պարզւում է, որ, ըստ մեղադրանքի նիւթերի, Սերժ Սարգսեանը պետական մարմնին յանձնարարել է, որ վառելիքը գնեն ոչ թէ այն ընկերութիւնից, որը ցածր գին է առաջարկում, այլ «Ֆլեշ» ընկերութիւնից: Սա է պատմութիւնը: Կարծում եմ, որ քննութիւնը կը պարզի, թէ ի՛նչ է, եւ որեւէ աւել բան, քան հրապարակուած է, չեմ կարող ասել», նշեց վարչապետը: