ԳԱՆԱՏԱ, «Հորիզոն».- 27 Նոյեմբերին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ եւ Հայ Դատի Կեդրոնական խորհուրդի երկարամեայ նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան Քեպեքի Ազգային Ժողովի նիստին պարգեւատրուեցաւ Քեպեքի Ազգային ժողովի մետալով:
Նիստին ընթացքին ելոյթ ունեցաւ Քեպեքի Ազգային ժողովի անդամ Կի Ուելէթ եւ յայտարարեց, որ մետալը կը փոխանցուի Յակոբ Տէր Խաչատուրեանին Քեպեք նահանգին մէջ իր երկարամեայ միջհամայնքային գործունէութեան, Քեպեքի երիտասարդական եւ ուսանողական կազմակերպութիւններու շրջագիծին մէջ անոր տարած աշխատանքին եւ Հայ Դատի յանձախումբի եւ Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան հետ համատեղ կազմակերպուած Համագործակցութեան, արդարութեան եւ խաղաղութեան ֆորումին յաջողութեան մէջ ունեցած ներդրումին համար։
Շնորհաւոր ըլլայ, Ընկեր Յակոբ: Տակաւին շատեր պիտի պարգեւատրեն ձեր գործունէութիւնը: Երկար եւ առողջ կեանք ձեզի: