ԵՐԵՒԱՆ.- Կիրակի, Նոյեմբեր 24ին տեղի ունեցաւ 2019ի Հայաստան համահայկական հիմնադրամի Եւրոպական հեռաձայնային դրամահաւաքը (Phoneton), որ անցեալ տարիներու նման ունեցաւ ակնկալուած յաջութիւն եւ ժողովրդային լայն մասնակցութիւն:
«Ես իմ անուշ Հայաստանի. կենարար ջուր եւ արեւ համայնքներուն» բնաբանով մեկնարկած դրամահաւաքէն, Եւրոպայի տարածքին յաջողուեցաւ ապահովել 1,226,201 եուրոյի գումար, իսկ Յունաստանի տարածքին՝ 26,046 եուրօ:
Կիրակի օրուան ընթացքին, կամաւորներ հեռաձայնեցին մեր հայրենակիցներու տուները եւ ապահովեցին նուիրատուութիւններու խոստումներ: Թէեւ գլխաւոր աշխատանքը իր աւարտին հասաւ, այսուհանդերձ հիմնադրամի Յունաստանի յանձնախումբը պիտի շարունակէ հեռաձայնային աշխատանքը, ամբողջացնելու համար նուիրահաւաքի ծրագիրը: