ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 26 Նոյեմբերին Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ կնքուած Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրի երկրորդ տարեդարձին առիթով կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին արտաքին գործողութեան եւրոպական ծառայութեան՝ Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ հարցերու կառավարող տնօրէնի տեղակալ Լիւք Տեւին յայտնեց, որ Եւրոպական Միութիւնը ամբողջովին կ՛աջակցի Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերող Եւրոպայի մէջ անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան Մինսկի խումբի համանախագահներուն ջանքերուն:
«Մենք միշտ հակամարտութիւններու խաղաղ լուծման կողմնակից ենք. մեր կարծիքով՝ ռազմական լուծումներ չկան: Այս հակամարտութեան առումով, որպէս Եւրոպական Միութիւն, մենք հակամարտութեան լուծման կողմերէն չենք, բայց ամբողջովին կ՛աջակցինք ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն ջանքերուն: Անոնցմէ մէկը Եւրոպական Միութեան անդամ պետութիւն է», ըսաւ Տեւին:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Աւետ Ադոնց նշեց, որ Հայաստանի կառավարութիւնը շատ բարձր կը գնահատէ Եւրոպական Միութեան մօտեցումը Արցախի տագնապի լուծման հարցին նկատմամբ։