ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի համալիրէն ներս, Շաբաթ, Նոյեմբեր 23ին, պատրիարքական տեղապահ Սահակ եպս. Մաշալեանի տնօրինութեամբ ու նախագահութեամբ, Կոմիտաս Վարդապետի արձանի պաշտօնական բացման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ։
Մշակութային այս ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը բերին պատրիարքական աթոռի միաբան հայրեր ու հոգեւորականաց դասու անդամներ։ Ներկայ էին Ուսուցչաց միութեան եւ Ազգային Կեդրոնական վարժարանի ներկայացուցիչներ, կրթական մշակներ, աշակերտներ, բարերարներ, ինչպէս նաեւ մշակութասէր հասարակութիւն մը։
Բացման խօսքէն ետք ներկայացուեցաւ Կոմիտասի կենսագրականը։ Աշակերտներ Կոմիտասի արձանին առջեւ արտասանեցին բանաստեղծութիւններ ու հրամցուցին պարային ներկայացում մը։ Արձանին մօտ իր կուռ ձայնով Կոմիտասեան երգեր մեներգեց յայտնի երաժիշտ Արթիւր Պաղտասարեան։ Ներկայացումը իր աւարտին հասաւ «Անլռելի Զանգակատուն»ով։
Կոմիտասի արձանը կերտուած էր Էրօլ Սարաֆեանին կողմէ։
Հանդիսութեան հուսկ բանքը արտասանեց ու ներկաներուն իր պատգամը փոխանցեց տեղապահ սրբազան հայրը, նշելով. «Ես յատկապէս արձանի ձեռքերուն ուշադրութիւն ըրած եմ, քանի անոնք ցոյց կու տան, թէ Կոմիտաս Վարդապետ տակաւին կը շարունակէ ղեկավարել իր մօտ գտնուած հաւաքականութիւնը։ Շատեր պիտի մտածեն, թէ այդ հաւաքականութիւնը կրնայ ըլլալ երգչախումբ մը։ Բայց Կոմիտաս Վարդապետ ընդհանրապէս հայ ազգային ներդաշնակութիւնը կ՛ապահովէ իր պատգամներով»։