ՀԱԼԷՊ, «Գանձասար».- Կիրակի, Նոյեմբեր 17ին, Հալէպի «Գ. Եսայեան» սրահէն ներս կայացաւ Լեւոն Շանթի «Եսի Մարդը» թատրերգութեան ներկայացումը, հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեանի եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան «Լեւոն Շանթ» թատերական միաւորին:
Ձեռնարկը նուիրուած էր «հայ թատրերագրութեան իշխան» եւ Համազգայինի հիմնադիր Լեւոն Շանթի ծննդեան 150ամեակին եւ անիկա իրականացած է զուտ տեղական ուժերով՝ դերակատարներէն մինչեւ բեմադրիչը՝ Յուշիկ Ղազարեան, որ միաւորի անդամներէն է: Երաժշտութիւնը յօրինած է հալէպահայ երիտասարդ երաժիշտ Յովիկ Օհանեան։ Յատուկ երաժշտութիւնը միակ նորութիւնը չէ այս իւրայատուկ ներկայացման: Բեմականացման աշխատանքին մէջ, հիմնական տիպարներուն կողքին, ներգրաւուած էին մեծ թիւով պատանիներ, որոնք կենդանի պատկերներու միջոցաւ արտայայտեցին ներկայացման հիմնական գաղափարը, ինչպէս նաեւ մարմնաւորեցին տիպարներու հոգեվիճակները:
«Եսի Մարդը» թատրերգութիւնը Շանթի այն թատրերգութիւններէն է, որ կը ներկայացնէ հեղինակին ժամանակակից շրջանը: Հոն ներկայացուած է դաւաճան մը պատժելու երիտասարդ յեղափոխական գործիչներու ծրագիրը եւ անոնցմէ մէկուն դիմագրաւած ներքին բախումը։ Դերակատարներն էին՝ Սագօ Խալոյեան, Նազօ Ատուրեան, Շանթ Ուրիշիկեան, Լենա Քսաճիկեան, Սարին Հայրապետեան, Յովիկ Ղազարեան եւ Յուշիկ Ղազարեան։
Թատերախումբը բաւական յաջողած էր այս բոլորը ներկայացնել: Իւրաքանչիւր մանրամասնութիւն խնամքով աշխատցուած էր. ուշագրաւ էր նաեւ իւրայայտուկ որմազդը, զոր պատրաստած էր Յովսէփ Չալօղլեան:
Երիտասարդ կազմին ողջունելի մէկ քայլն էր՝ Համազգայինի իսկական առաքելութեան համահունչ ներկայացում մը հրամցնել արդիական ոճով, հաւատարիմ մնալով աւանդականին: Հանդիսատեսներուն բուռն ծափահարութիւնը ամէնէն մեծ վկայութիւնն էր ներկայացման յաջողութեան: