ՀԱԼԷՊ, «Գանձասար».- Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 21ին, Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հանդէս եկաւ հաղորդագրութեամբ մը, որուն մէջ կ՛ըսուի. «Սուրիա խստիւ կը դատապարտէ Սուրիոյ ժողովուրդին հանդէպ թրքական ուժերուն գործած ոճիրները, որոնց նորագոյնը տեղի ունեցաւ թրքական օդանաւի մը կողմէ Թել Ապիատի եւ Ռաքքայի ռմբակոծումները, որուն հետեւանքով արձանագրուեցան հինգ զոհեր»:
Դամասկոս կոչ ըրաւ համաշխարհային համայնքին, որ անմիջապէս դէմ դնէ Էրտողանի առաջնորդութեամբ Սուրիոյ ժողովուրդին դէմ գործուող ոճիրներուն, «որոնք կը հակադրուին միջազգային եւ մարդկային օրէնքներուն»:
Մինչ այդ, Լոնտոն հաստատուած Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը հաղորդեց. «Թուրքիա Սուրիոյ հիւսիսը՝ իր վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջաններուն մէջ ժողովրդագրական փոփոխութեան գործողութեան մը սկսած է»:
Միւս կողմէ, «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ թրքական բանակը յաւելեալ ուժեր ուղարկած է Սուրիոյ հետ սահման, մինչ Քիլիսի սահմանային մէկ անցքին վրայ ապահովական խիստ միջոցառումներ որդեգրուած են: