ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ խորհրդարանին Ծրագիրներու եւ ամավարկի յանձնաժողովին մէջ ներքին գործոց նախարարութեան 2020ի ամավարկին քննարկումէն առաջ միջադէպ մը տեղի ունեցաւ նախարար Սիւլէյման Սոյլուի ու ընդդիմադիր երեսփոխաններու միջեւ։ Սոյլու, սրահ մտնելով, ձեռնուեցաւ իշխող կուսակցութեան երեսփոխաններուն հետ, բայց անտեսեց ընդդիմադիր երեսփոխանները։
Քրտամէտ կուսակցութենէն հայ երեսփոխան Կարօ Փայլան այս մասին գրած է, թէ նախարարի այդ դիրքը անյարգալիր է երեսփոխաններու նկատմամբ, իսկ յանձնախումբի նախագահ Լիւթֆիւ Էլվան ըսաւ, որ Սոյլու ընդդիմադիրներու հետ չէր ձեռնուած, որովհետեւ անոնք ոտքի չէին կանգնած, երբ նախարարը սրահ մտած էր։
Նշենք, որ Փայլան ամավարկի քննարկումներուն ընթացքին ելոյթ մը ունեցաւ ու Սոյլու նմանցուց նացի Գերմանիոյ գաղտնի ոստիկանութեան ղեկավարներէն մէկուն՝ Հիմլերին։
«Սոյլու կը կարծէ, որ բռնապետական համակարգ պիտի հաստատէ ու պիտի կարենայ լռեցնել բոլորը», շեշտեց Փայլան։
Աւելի կանուխ, երբ յանձնախումբը կը քննարկէր կրթական նախարարութեան 2020ի ամավարկը, բանավէճ ծագած էր իշխանամէտ ու ընդդիմադիր կուսակցութիւններու երեսփոխաններուն միջեւ։ Բանավէճին տուն տուող նիւթը Էրտողանին կոչն էր՝ «կրօնասէր սերունդ» հասցնելու մասին։ Փայլան ըսած էր, որ կարելի է կրօնասէր սերունդ մը հասցնել, բայց պայման է, որ այդ սերունդը նաեւ խղճամիտ եւ գթասէր ըլլայ։ Փայլանի խօսքերը զայրոյթ պատճառեցին իշխող երեսփոխաններուն, որոնք պահանջեցին, որ Փայլան չվիրաւորէ իսլամ կրօնքը։