Մխիթարեան միաբանութիւնը գոհունակութեամբ շնորհակալութիւն կը յայտնէ հայազգի բոլոր զաւակներուն եւ մտերիմ բարեկամներուն, որոնք անմիջապէս արձագանգեցին ի լուր Ս. Ղազարի աղէտահար վիճակին՝ զօրակցութիւն յայտնելով եւ աջակցութեան պատրաստակամութիւն ցուցաբերելով:
Կը փափաքինք տեղեկացնել, որ տեղւոյն ոյժերով արդէն կրցանք կազմակերպել ներքնայարկի ջրասոյզ տարածքներու մաքրութիւնը եւ դասաւորումը:
Օժանդակելու համար մայրավանքիս աղէտի հետեւանքները դարմանելու աշխատանքին, բարեսիրտ հայրենակիցները կրնան իրենց նուիրատուութիւնները կատարել հետեւեալ հաշուեհամարին.
CONGREGAZIONE ARMENA MECHITARISTA
IBAN: IT79 H030 6909 6061 0000 0007 086
BIC: BCITITMM