ԽԱՉԻԿ ԽԱՉԵՐԵԱՆ
Եթէ Յակոբ Պարոնեանի գրական կեանքը խօսուն եղած է հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր իւրայատկութիւններուն առումով, անոր մահը՝ ծայրայեղ չքաւորութեան պայմաններու մէջ, ամրագրած է առնուազն անոնցմէ մէկը: Արդարեւ, մեծ երգիծաբանի մահուան անկողինին շուրջ գտնուած հացի փշրանքները եկած են փաստելու, որ անոր երկերուն հիմնական հերոս հանդիսացած հաւաքականութիւնը ընդունակ չէ քննադատութիւն հասկացողութիւնը ընկալելու որպէս շնորհակալ եւ յառաջդիմական ճիգ, այլ՝ որպէս թշնամական ու վնասակար արարք: Իրականութիւն մը, որ այնքա՜ն կը յամենայ մինչեւ օրս:
Աւելի քան դար մը, եւ տակաւին միեւնո՛յն մօտեցումը կը մնայ տիրական՝ ազգային կեանքին մէջ գերիշխող հոսանքին տարակարծիք որեւէ խօսքի ու անոր հեղինակներուն նկատմամբ: Միեւնո՛յն անհանդուրժողականութիւնը՝ իր դրսեւորման ժամանակակից եղանակով, որ հնամաշ պատճառաբանութիւններու վերամշակումով կը փորձէ խաւարման մատնել որեւէ քննադատութեան ընդգծած հիմնախնդիրները: Ստորեւ այդ պատճառաբանութիւններէն մի քանին:
«Քննադատութիւնը պէտք է կառուցողական ըլլայ».
Հոս «կառուցողական» բառով ըսել ուզուածը յաճախ ա՛յն է, թէ քննադատութեան ամիջապէս պէտք է զուգակցի սրբագրութեան առաջարկ մը, եւ թէ առանց վերջինին անիկա կը կորսցնէ իր արժէքն ու վաւերականութիւնը: Ահաւասիկ անհասկնալի տրամաբանութիւն մը, որ ախտաճանաչումն ու դարմանումը կը ձախողի ընկալել որպէս երկու այլաբնոյթ աշխատանքներ, զորս անպայմանօրէն կարելի չէ տեղաւորել միեւնոյն պահին եւ անկատին մէջ:
«Քննադատութեան հեղինակը պէտք է որոշ հանգամանք եւ վաստակ ունենայ», այլապէս անոր խօսքը ինքնաբերաբար շատախօսութիւն կը համարուի:
Այլ թերի հաստատում մը, որ առողջ մտաւոր քննութեան շնորհքն ու իրաւունքը ընկերային դիրք եւ ծաւալուն կենսագրութիւն ունեցողներու մենաշնորհը կը սեպէ:
«Քննադատութեան մէջ մութ ոյժերու դաւադիր ձեռքը կայ».
Վերջապէս, դասական մարտավարութեան վերածուած յանկերգ մը, որ տուեալ քննադատութիւնը առնչել փորձելով դաւաճանութեան գերագոյն մեղքին հետ, կը միտի բարոյազրկել զայն հանրութեան մօտ:
Ահա երեք մօտեցումներ, որոնց սլաքը ակնյայտօրէն կը շեղի քննադատութեան միջուկէն եւ կը կեդրոնանայ անոր կեղեւին վրայ: Դիտաւորեալ շեղում մը այնուհետեւ, որ մէկ կողմէ, այլակարծութեան հանդէպ մերժողականութիւն կը բուրէ, միւս կողմէ, գերիշխող տեսակէտը բացարձակ ճշմարտութեան հաւասարեցնելու կը յաւակնի: Այլապէս, ինչո՞ւ չանսալ մտահոգութիւններուն, չզննել մատնանշուած իւրաքանչիւր կէտ, չփորձել զատել թացը չորէն ու կեդրոնանալ իրաւացի բացթողումներուն վրայ: Թո՛ղ որ անոնք հնչած ըլլան վաստակէ զուրկ, հանգամանք չունեցող, պատահական մարդոց կողմէ, թո՛ղ որ ըլլան անոնք կիսակատար բովանդակութեամբ, երբեմն չափազանցուած, շատ ատեն «կառուցողականութենէ» զուրկ, թո՛ղ որ նոյնիսկ զսպանակուած ըլլան հակառակորդի ճամբարէն… Միեւնոյնն է, անոնցմէ իւրաքանչիւրը օգտակար առիթ մը կրնայ հանդիսանալ վերանայման ենթարկելու եւ սրբագրելու կամ կատարելագործելու տուեալ կեցուածքը կամ գործունէութիւնը:
Կ՛ըսուի որ հին սովորութիւնները դժուար կ՛անհետանան, բայց կը թուի, թէ հայ կեանքին մէջ անոնք ընդհանրապէս չեն անհետանար: Ահա թէ ինչո՛ւ բարեկարգման այնքան կարիք ունեցող այդ հաւաքականութիւնը, տակաւին ինքն իր մէջ բաւարար ոյժ չէ գտած ընտելանալու քննադատութեան մշակոյթին: Ափսոս, որ հանդուրժողականութեան ու ազատ խօսքի անհրաժեշտութեան մասին այն ճոռոմ կարգախօսները, որոնք պարագայաբար կը լսուին անոր հարթակներէն, իրականութեան հետ բացարձակապէս աղերս չունեցող սոսկ ձայնային պայթուցիկներ կը մնան: Տխուր իրականութիւն մը, որուն մէջ թեթեւսոլիկ հաճոյախօսութիւն մը հազար անգամ աւելի ողջունելի է, քան լուրջ դիտողութիւն մը…