ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Երեքշաբթի, 12 Նոյեմբերին, Լիբանանի դրամատուները եւ մեծ մասը դպրոցներուն, որոնք անցեալ շաբաթ սկսած էին իրենց բնականոն աշխատանքին վերադառնալու, ապահովական նկատառումներով փակ պահեցին իրենց դռները, սակայն շեշտուեցաւ, որ սահմանափակ քանակութեամբ կանխիկ գումար տրամադրող դրամատնային գործիքները պիտի շարունակեն գործել։
Ի տես վարչապետին եւ կառավարութեան նշանակման համար խորհրդարանական խորհրդակցութիւններու ձգձգումին, գրեթէ չորս շաբաթներէ ի վեր քաղաքական իշխանութեան հրաժարիլը պահանջող ցուցարարները յայտարարեցին, թէ իրենց պահանջներուն վճռակամօրէն կառչած պիտի մնան։