ԷՆՍԻՆՕ.- Լոսանճելըսահայութեան մշակութային տարեգրութեան մէջ Կիրակի, 27 Հոկտեմբերը արձանագրուեցաւ իբրեւ նոր տաղանդներու յայտնաբերման տօնախմբութիւն, որ բեմ հանեց աւելի քան 15 մասնակցողներ՝ «Նոր Տաղանդներ» ձեռնարկին ընդմէջէն (եւ ապրողներուս համար իրաւամբ մոռցնել տուաւ ճիշդ քսան տարի առաջ, նոյն օրը, Հայաստանի խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցած չարաշուք աղէտը), որ միաժամանակ արձագանգ հանդիսացաւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին՝ 2019 տարեշրջանը «Հայ Մամուլի Տարի» անուանումին:
Արդարեւ, Հովիտի շրջանի Սրբոց Նահատակաց Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ «Աւետիսեան» սրահին մէջ այդ օր ժամը 5էն սկսեալ կը տիրէր շատ ուրախ տրամադրութիւն. արուեստ, երիտասարդութիւն, հայկական գիր ու դպրութիւն, տաղանդներ՝ հաստատուած եւ մատշաղ, հայկական նուագ, երգ ու պար բռնած էին մթնոլորտը: Սրահը լեցուցած առաւել քան 300 ներկաները վայելքի պահեր ապրեցան՝ շնորհիւ շրջանին մէջ գործող ՀՕՄի «Անահիտ» եւ «Լոռի» մասնաճիւղերուն եւ Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» եւ «Լեւոն Շանթ» մասնաճիւղերուն մշակութային առաքելութիւնը լաւագոյնս մեկնաբանող «Նոր Տաղանդներ» ձեռնարկին, որուն ներկայ եղան հոգեւոր հովիւ Ղեւոնդ քհնյ. Գիրազեան, ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Արուսեակ Մելքոնեան, ՀՕՄի եւ Համազգայինի Շրջանային եւ տեղական վարչութիւններու ներկայացուցիչներ, «Ասպարէզ» օրաթերթի խմբագիր Արման Պաղտոյեան, Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան, Ֆերահեան Ազգային վարժարանի ներկայացուցիչները, անդամներ, ընկեր-ընկերուհիներ, ծնողներ եւ մշակութասէր հանրութիւն մը:
Ամերիկայի եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգները փայլուն կերպով կատարեց երիտասարդուհի Արազ Արապեան, որմէ ետք բացման խօսքով հանդէս եկաւ Մարալ Փօլատեան՝ վեր առնելով Արամ Ա.ի հայրապետական պատգամէն բխած այն մտածումը, որ ազգեր կը գոյատեւեն գիր ու դպրութեամբ, մշակոյթով եւ արարման տենդով այնպէս, ինչպէս Սփիւռքի այս ափերուն իբրեւ հայութիւն կը յարատեւենք՝ կառչած մնալով հայ մամուլին, վարժարաններուն, եկեղեցիներուն եւ մեր ազգային ինքնութիւնը պահպանող համայնքային կենսակերպին:
Օրուան հանդիսավարութիւնը ձեռնհասօրէն վարեցին Սոնա Մատարեան եւ Արա Եագուպեան, որոնք մերթ ընդ մերթ նաեւ ասմունքով եւ մշակութային ասք-զրոյցներով ջերմացուցին ներկաներուն հոգիները, ամէն անգամ որ բեմ հրաւիրեցին ձեռնարկին մասնակցողները:
Ձեռնարկը իրաւամբ հարուստ էր տարբեր տարիքի եւ արուեստի զանազան բնագաւառներու տաղանդաւոր մասնակիցներով. հասուն տաղանդներ էին առաջին զոյգը՝ Արփի Այնթապլեան եւ Վարդան Գազանճեան, որոնք մատուցեցին հայկական դասական զուգերգներ, ապա մեներգներ։ Երկու մենապարերով հանդէս եկաւ Լիլիթ Սարգսեան, իսկ երեկոյթին աստղը հանդիսացաւ փոքրիկն Մերի Մինասեան, որ օփերային իր կատարումով եւ հայկական ոգեշունչ երգով գերեց ներկաները:
Նոյնքան շնորհալի եւ տաղանդաւոր էին Ալեքսանդրա եւ Լիլիա Եարալեան քոյրերը (քանոն եւ երգ), Գառնիկ Առուստամեան (քլարինէթ), Լիանա եւ Կարօ Այրումեանները (զուգերգ), դաշնամուրի վրայ իր նուագով՝ Կրէկ Գեւօջանեան, որոնք յաջորդաբար բարձրացան բեմ եւ գեղարուեստական վայելքի պահ մատուցեցին ներկաներուն:
Դաշնամուրի վրայ տաղանդներուն ընկերակցեցան Սիւզի Պաղտոյեան եւ Անի Սարգսեան:
Օրուան բանախօսն էր «Ասպարէզ» օրաթերթի խմբագիր Արման Պաղտոյեան, որ իր խօսքին մէջ վեր առաւ հայ իրականութեան մէջ մամուլին վերապահուած դերակատարութիւնը եւ շեշտեց «Ասպարէզ» օրաթերթին համահայկական բնոյթը՝ ըսելով.
««Ասպարէզ»ը՝ իբրեւ ամերիկայի մէջ լոյս տեսնող միակ օրաթերթը, լայն տեղ կու տայ մեր համայնքին մէջ գործող գրեթէ բոլոր միութիւններուն, տարբեր թեմական եկեղեցիներուն, յարանուանութիւններուն կամ կրթական հաստատութիւններուն: Ասիկա ցոյց կու տայ առաւելագոյն չափով ներառական ըլլալու, ազգային բոլոր հաստատութիւններն ու միութիւնները իր շուրջ համախմբելու քաղաքական վարքագիծ մը, որ ազգային իմաստով առողջ է, հեռու ըլլաով մասնակի ու հատուածական թերթի կերպարէն»:
Պաղտոյեան յայտնեց, որ հայ մամուլը կոչուած է ծառայելու կրկնակի պատասխանատուութեամբ՝ թէ՛ այսօր իր ծառայած հանրութեան հանդէպ թէ՛ միաժամանակ, վաղուան՝ գալիք սերունդներուն հանդէպ: Ան ըսաւ. «Իր քաղաքական, ընկերային ու տնտեսական իրաւունքներուն գիտակից իրազէկ հասարակութեան մը ստեղծումը դեռ մեծ մարտահրաւէր մըն է հայ մամուլին համար: Այդպէս է, որովհետեւ այսօրուան համացանցային եւ այլ լրատուամիջոցներու տեղեկատուութեան տեղատարափին մէջ, «յաճախ բամբասանքի մակարդակին իջնող, յաճախ մակերեսայինը էականէն, իսկ ընդհանրական շահերը ճղճիմէն չզատորոշող, յաճախ ապակողմնորոշող կամ նեղ հատուածական շահերու խնկարկող տեղեկատուութեան ու հրապարակագրութեան յորձանքը այս օրերուն, մեր ժողովուրդին մօտ հաւաքական շահի գիտակցութիւնը խամրեցնելու, անոր պայծառատեսութիւնը մթա-գնելու նպատակին կը ծառայեն: Այս յորձանքէն հեռու մնալու պատասխանատու յանձնառութեամբ հանդէս կու գայ «Ասպարէզ»ը այսօր: Հաւաստի եւ առարակայական տեղեկատութեամբ միայն, այլ մանաւանդ ազգային հաւաքական շահի հետամուտ ըլլալու նախանձախնդրութեամբ միայն, մեր մամուլը իր գաղափարական ու պատասխանատու խօսքը կը հասցնէ մեր ժողովուրդին: Այո՛, իր իրաւունքներուն գիտակից իրազէկ հասարակութեան մը ստեղծումի գործին կը հաւատայ «Ասպարէզ»ը: Ժողովուրդէն ծնած ու ժողովուրդին ծառայող Դաշնակցութեան մամուլը ունի ներգործօն դերակատարութիւն՝ զինելու ժողովուրդը հաւաստի տեղեկատուութեամբ, քաղաքական ու գաղափարական իր խօսքով բարձրացնելու անոր գիտակցական մակարդակը, զայն վերածելու համար ազգային քաղաքական ներոյժի»:
Ակնարկելով Մշակոյթի ամսուան առիթով նաեւ տեղի ունեցող այս հանդիսութեան, Պաղտոյեան ըսաւ, որ «Ասպարէզ»ը սպասարկուն է նաեւ մեր մամուլին, որովհետեւ կը հաւատայ, որ մեր ժողովուրդին ներոյժը աւելի ամուր ու հզօր է, երբ ժողովուրդը ազգային իր նկարագիրի, ազգային արժէքներու գիտակցութիւնը ունի:
Վերջապէս, եւ մեկնելով այն համոզումէն, որ մամուլը պատմագրութեան առաջին սեւագրութիւնը կը համարուի՝ Պաղտոյեան շեշտեց մամուլին յանձնառութիւնը գալիք սերունդներուն համար: «Շատ կարեւոր է մեր բոլորին համար, երբ ասկէ 50 կամ 100 տարի ետք եկող պատմաբանը, որ պիտի ուզէ գրել Արեւմտեան Ամերիկայի հայ համայնքի պատմութիւնը, արդեօք ի՛նչ տեղեկութիւններ պիտի քաղէ «Ասպարէզ»ի էջերէն: Պիտի կարդայ տարբեր միութիւներու, կազմակերպութիւններու գործունէութեան մասին թղթակցութիւններ, եկեղեցական ու համայնքի հոգեւոր կեանքին մասին անդրադարձներ, պիտի ընթերցէ թղթակցութիւներ մեր կրթական հասատութիւններուն մասին, այս կամ այն հարցին կապակցաբար յայտարարութիւններ, քաղաքական կեցուացքներ եւ յօդուածներ: Վստահաբար մեր ազգային կեանքին առնչուող այս տեղեկութիւնները անպայման շահեկան պիտի ըլլայ ենթադրեալ պատմաբանին համար: Սակայն այս բոլորով հանդերձ, տեղեկութիւններու զգալի բաց մը կայ մեր մամուլին մէջ, որ կը վերաբերի մեր ժողովուրդի առօրեայ կեանքի հարցերուն: Դժբախտաբար չենք կրցած հասնիլ այնտեղ, ուր կարելի ըլլայ նոյնքան անդրադառնալ մեր ժողովուրդին, յատկապէս անոր տարեց կամ երիտասարդ խաւի առօրեայ կեանքի հոգսերուն, անոնց մտահոգութիւններուն, տարբեր հարցերու կապակցաբար անոնց տրամադրութիւններուն եւ ինչու չէ, անոնց կենցաղային կարիքներուն ու պայմաններուն: Այս առումով, եթէ կ՛ուզէք, ժողովուրդը մեծ բացական է մեր մամուլի էջերէն: Այս բաց թողումի գիտակցութիւնը ունինք անշուշտ, կը պակսին միայն հնարաւորութիւններ, զայն սրբագրելու», եզրակացուց բանախօսը:
Աւարտին տեղի ունեցաւ «Կիլիկիա» մաղթերգի յոտնկայս երգեցողութիւնը, որմէ ետք Ղեւոնդ քհնյ. Գիրազեան փոխանցեց իր սրտի խօսքը եւ աղօթքով փակեց երեկոյթը:
«Նոր Տաղանդներ»ը եզակի էր իր կազմակերպական բնոյթով եւ բովանդակութեամբ. վարձքը կատար կազմակերպիչ յանձնախումբին, ՀՕՄի եւ Համազգայինի մասնաճիւղերու վարչութեանց եւ տաղանդաշատ մասնակցողներուն, որոնք իրենց բնատուր շնորհներով եւ աստուածատուր ձիրքերով արժանին մատուցեցին՝ յանուն հայ մշակոյթի պանծացման, տարածման եւ յարատեւ երթին:
ՆԵՐԿԱՅ ՄԸ