Լոյս տեսաւ «Հրանդ Տինք» հիմնարկի պատմութեան ծրագիրի Զ. հատորը՝ «Սեբաստիոյ Հայերը Կը Խօսին» խորագիրով:
«Անձայնութեան Ձայնը» ընդհանուր խորագիրի տակ նախապէս հրատարակուած էին Տիարպեքիրի (Տիգրանակերտի), Անգարայի, Իզմիթի, Կեսարիոյ նման քաղաքներու նախկին բնակիչներու հետ կատարուած բանաւոր պատմութեան նուիրուած հատորներ:
Բանաւոր պատմութեան մասին նախապէս որոշ գիտելիքներով օժտուած թղթակիցներ, ամբողջական պատկերացում մը ցոլացնելու միտումով պատրաստուած հարցումներով՝ կը զրուցեն նշեալ քաղաքներուն մասին վկայութիւններ ունեցողներուն հետ: Սեբաստիոյ համար կատարուած էին 69 զրոյցներ, որոնցմէ 12 օրինակներ տեղադրուած են սոյն հատորին մէջ:
«Անձայնութեան Ձայնը» մատենաշարը կարելի է բաղադրիչը համարել նաեւ «Հրանդ Տինք» հիմնարկին կազմակերպած եւ որոշ քաղաքներու մէջ անցեալը ուսումնասիրող միջազգային բանախօսութիւններուն:
Նշենք, թէ ակադեմական մակարդակով այդ բանախօսութիւններուն առաջինը 2009ին տեղի ունեցած էր՝ Ատանայի կոտորածներու դարադարձին, նիւթ ունենալով Ատանայի եւ շրջակայքի հասարակական, մշակութային եւ տնտեսական պատմութիւնը: Յաջորդաբար տրուեցան Տիարպ եքիրի, Մարտինի, Զմիւռնիոյ եւ Անգարայի պատմութիւնը նիւթ ունեցող բանախօսութիւններ, Հայաստանէն, Սփիւռքէն եւ Թուրքիոյ զանազան քաղաքներու համալսարաններէ մասնակցող ակադեմականներու զեկոյցներով: Այս բնոյթի վերջին օրինակն էր 17-18 Հոկտեմբերին կայանալիք Կեսարիոյ բանախօսութիւնը, որ մեկնարկումէն ժամեր առաջ արգիլուեցաւ Շիշլիի գաւառապետին որոշումով:
«Սեբաստիոյ Հայերը Կը Խօսին» բանաւոր պատմութիւններու հատորին համար, «Հրանդ Տինք» հիմնարկի աշխատակազմէն Ռուտի Սայաթ Փուլատեան խմբագրած է նախաբան մը, որուն մէջ կը նկարագրէ Սեբաստիոյ հայոց պատմական անցեալը, կրօնական եւ կրթական հաստատութիւնները, տնտեսութիւնը, մամուլը, 1915ի պատահարները ու յետ-եղեռնեան շրջանի զարգացումները:
Գիրքին վերջաբանն ալ կը կրէ դարձեալ հիմնարկի աշխատակազմէն Նարօտ Աւճըի ստորագրութիւնը: Այս բաժինին մէջ, Նարօտ Աւճը կը փոխանցէ Սեբաստիոյ հայոց պատմական յիշողութիւնը, զանազան տօնական օրերու յատուկ ծիսակատարութիւնները, աւանդութիւնները, հասարակական ապրումներէ դրուագներ եւ վերջապէս հայրենի երկիրը լքելու եւ դէպի մեծ քաղաք գաղթելու երեւոյթները:
Գիրքը այժմէն կարեւոր ուշադրութեան կ՛արժանանայ յատկապէս «Թույափ»ի գիրքի փառատօնի տաղաւարներուն մէջ:
«ԱԿՕՍ»