ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ ընկերային ցանցերու վրայ գրառում մը կատարելով՝ յայտնեց. «Իրաք եւ Լիբանան արժանի են իրենց ներքին հարցերը կառավարելու՝ առանց Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ սէյիտ Ալի Խամենէիի վարչակարգի միջամտութեան։
Նշենք, որ Փոմփէօ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ատել Ճուպէյրի հետ Չորեքշաբթի օր քննարկեց Եմենի, Սուրիոյ, Իրաքի եւ Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը եւ Իրանի քայլերուն դէմ դնելու կարելիութիւնները:
Միւս կողմէ, Պաղտատի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը յայտարարեց. «Միացեալ Նահանգները միշտ հետաքրքրուած է զօրակցելով ապահով եւ բարգաւաճ Իրաքի մը, որ կարողութիւնը ունի իր ժողովուրդը պաշտպանել ծայրայեղական բիրտ խմբաւորումներուն դէմ, նոյն ժամանակ զսպելով իր գերիշխանութիւնը եւ ժողովրդավարութիւնը ականահարողները: Այսօր, երբ աշխարհը կը հետեւի Իրաքի դէպքերուն, յստակ է, որ Իրաքի կառավարութիւնը եւ քաղաքական ղեկավարները պէտք է շուտով եւ լրջօրէն հաղորդակցին բարեկարգումներ պահանջող իրաքցի քաղաքացիներուն հետ, որովհետեւ Իրաքը իր ժողովուրդին կամքը ճնշելով ապագայ չունի»: