ՀԱԼԷՊ.- «Գանձասար»ը կը հաղորդէ, թէ 7 Նոյեմբերին, Թուրքիոյ դաշնակից ահաբեկչական խմբաւորումներ հրթիռներ արձակեցին Հալէպի Արդարադատութեան պալատին վրայ: Պալատին յարակից տարածքին մէջ երկու հրթիռներ ինկան, որուն իբրեւ հետեւանք, վեց քաղաքացիներ վիրաւորուեցան:
Նախորդ շաբաթ ահաբեկչական խմբաւորումներ հրթիռակոծած էին Հալէպի Նիլ պողոտայի տեղական շուկան, ուր արձանագրուած նիւթական վնասներուն կողքին, կին մը վiրաւորուած էր:
Իր կարգին, քրտական «Էյ. Էն.Էֆ» լրատուական կայքը կը փոխանցէ, որ թրքական բանակը Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքը գտնուող Թել Ապիատէն յարձակած է սուրիական բանակին հսկողութեան տակ գտնուող գիւղի մը վրայ՝ սպաննելով սուրիացի զինուոր մը եւ վիրաւորելով ուրիշ մը: Նշենք, որ Թել Ապիատը ներկայիս կը գտնուի թրքական ուժերու դաշնակից զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներու հակակշիռին տակ:
Միւս կողմէ, Սուրիոյ պետական լրատուական գործակալութիւնը հաղորդեց, թէ սուրիական բանակը իր վերահսկողութեան կեդրոնները հաստատած է Գամիշլիի արեւելեան արուարձաններուն մէջ։