ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը՝ դատաւոր Աննա Դանիբեկեանի նախագահութեամբ կայացած նիստին մերժեց Ռոբերթ Քոչարեանը գրաւի դիմաց ազատ արձակելու վերաբերեալ պաշտպաններու միջնորդութիւնը: Երկրորդ նախագահը պիտի մնայ բանտարկուած:
Նախորդ դատական նիստին ընթացքին, պաշտպանները միջնորդած էին գրաւով փոխարինել Քոչարեանի նկատմամբ իբրեւ խափանման միջոց ընտրուած պանտարկութիւն՝ գրաւի չափը ձգելով դատարանի հայեցողութեան:
Յաջորդ դատական նիստը տեղի պիտի ունենայ 12 Նոյեմբերին։