ՍԱՆԹԱ ՄՈՆԻՔԱ.- Արուեստագէտուհի Նիքա Արմինէի ստեղծագործութիւններու միօրեայ ցուցահանդէս-վաճառք մը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 9 Նոյեմբերին, երեկոյեան ժամը 5էն սկսեալ։
Վաճառքէն գոյացած հասոյթին մեծ մասը պիտի տրամադրուի Հայաստան Համահայկական հիմնադրամին՝ ի նպաստ Գիւմրիի մէջ իրականացուող արուեստի ծրագիրին։
Նիքա Արմինէի ստեղծագործութիւններու անհատական ցուցահանդէսը տեղի պիտի ունենայ «Պըրկըմանթ Սթէյշըն»ի մէջ, որուն հասցէն է՝ 2525 Michigan Ave. #A2, Santa Monica, CA 90404։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար՝ այցելել
www.nikaarmine.com կայքը։