ՊԷՅՐՈՒԹ, «Էյ.Փի.».- Մօտաւորապէս երկու շաբաթ փակ մնալէ ետք, Ուրբաթ, 1 Նոյեմբերին, դրամատուները վերաբացուեցան Լիբանանի տարածքին, շնորհիւ զանգուածային հակակառավարական ցոյցերուն յաջորդած համեմատական կայունութեան։
Մինչ առաւօտեան դրամատուներուն մէջ եւ յաճախ անոնցմէ դուրս իրենց վարձատրութիւնները գանձելու կամ փոխանցումներ կատարելու համար յաճախորդներու շարքերը երկար էին, յետմիջօրէին կացութիւնը աւելի բնականոն դարձաւ։ Միջոցին, կանխիկ գումարներ տրամադրող դրամատնային գործիքներ կը բանէին, որոշ սահմանափակումներով։
Մէկ օր առաջ, պատկերասփռուած ելոյթ մը ունենալով՝ նախագահ Միշէլ Աուն յայտարարեց, որ կը նախընտրէ մասնագէտներու կառավարութիւն մը կազմել՝ երկիրը նորագոյն տագնապէն դուրս բերելու համար։ Ան երեսփոխանական խմբակներուն կոչ ուղղեց՝ դիւրացնելու նոր կառավարութեան կազմութիւնը՝ զգուշացնելով ղեկավարները եւ պատասխանատուները, որ ցուցարարները շահագործելը ամէնէն վտանգաւոր բանն է, որ կրնայ սպառնալ երկրին եւ քաղաքացիական ապահովութեան: Նախագահը ընդգծեց, որ Լիբանան կը գտնուի վտանգաւոր փուլի մը մէջ, յատկապէս տնտեսական տեսանկիւնէն եւ խիստ կարիքը ունի ներդաշնակ կառավարութեան մը, որ կրնայ արտադրել, քաղաքական բախումներու պատճառաւ խոչընդոտներու չի հանդիպիր եւ աջակցութիւն կը ստանայ ժողովուրդէն: Նախագահ Աուն ապա խօսքը ուղղեց ցուցարարներուն եւ յատկապէս երիտասարդներուն՝ ըսելով, որ անոնք յաջողեցան իրենց ձայնը հասցնել ղեկավարութեան, հակառակ բոլոր կանխարգիլող փորձերուն: Նախագահը աւելցուց, որ անոնք յաջողեցան պահանջել վստահելի կառավարութիւն մը, զեղծարարութեան դէմ պայքար եւ քաղաքացիական պետութիւն՝ հեռու համայնքային դրութենէն: