ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստան կ՛ողջունէ Ներկայացուցիչներու տան կողմէ թիւ 296 բանաձեւի ընդունումը, որով հաստատուեցաւ Միացեալ Նահանգներու դիրքորոշումը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան նկատմամբ։ Այս մասին նշուած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած յայտարարութեան մէջ:
«Այս բանաձեւը կարեւորագոյն նշանակութիւն ունի, քանի որ հաստատակամ է պաշտօնական ճանաչման եւ յիշատակման միջոցով ոգեկոչելու Հայոց Ցեղասպանութիւնը, մերժելու ժխտողականութիւնը եւ խրախուսելու Օսմանեան կայսրութեան կողմից 1915-1923թթ. 1.5 միլիոն հայերի բնաջնջման վերաբերեալ կրթութեան եւ իրազեկուածութեան բարձրացումը՝ որպէս 20րդ դարում իրականացուած Ցեղասպանութեան յստակ օրինակ:
«Այն ժամանակ Միացեալ Նահանգների ժողովուրդն ու ղեկավարութիւնը մեծ ջանքեր գործադրեցին հայերի նկատմամբ իրականցուած վայրագութիւններին արձագանգելու գործում՝ փրկելով եւ օգնութեան ձեռք մեկնելով Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրածներին: Այսօր Միացեալ Նահանգները տուն է ուժեղ ու կենսունակ հայ համայնքի՝ իրենց հայրենիքի հպարտ քաղաքացիների համար, ովքեր նշանակալի աւանդ են բերել ինչպէս Միացեալ Նահանգների ձեռքբերումներին եւ բարեկեցութեանը, այնպէս էլ մեր երկու ժողովուրդների միջեւ բարեկամութեանը: Այս բանաձեւը յարգանքի տուրք է մատուցում Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերի յիշատակին, ցուցադրում յարգանք նրանց արժանապատուութեան նկատմամբ եւ նշանաւորում Ցեղասպանութիւնը վերապրածների կորովը եւ կենսունակութիւնը:
Յայտարարութեան մէջ նախարարութիւնը իր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնէ Ներկայացուցչական տան անդամներուն՝ թիւ 296 բանաձեւին օգտին իրենց վճռական եւ տպաւորիչ քուէին համար, որ կը վկայէ ճշմարտութեան, արդարութեան, մարդասիրութեան, համերաշխութեան եւ մարդու իրաւունքներու համընդհանուր արժէքներու նկատմամբ մեծագոյն յանձնառութեան մասին:
«Այս բանաձեւը կարեւոր ներդրում է միջազգային հանրութեան կողմից գործադրուող ջանքերին՝ ուղղուած աշխարհի տարբեր անկիւններում նոր ցեղասպանութիւնների եւ զանգուածային վայրագութիւնների կանխարգելմանը, որոնք մեր օրերում շարունակում են ցնցել մարդկութեան գիտակցութիւնը: Այն հզօր ուղերձ է ցեղասպանութեան չարիքի, ժխտման եւ արդարացման դէմ պայքարում, քանզի ընդգծում է Հայոց Ցեղասպանութեան դասերի արդիականութիւնը մարդկութեան դէմ ներկայումս իրականացուող յանցագործութիւնների համատեքստում», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:
Այս առիթով Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ իր խորին երախտագիտութիւնը կը յայտնէ աշխարհի միւս բոլոր պետութիւններուն՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման նպատակով նախապէս գործադրած ջանքերուն համար:
«Հայաստանը խորապէս յանձնառու է՝ շարունակելու սերտ համագործակցութիւնը իր բոլոր միջազգային գործընկերների հետ՝ հետեւողականօրէն եւ վճռականօրէն կառուցելու ամուր հիմքեր եւ կարողութիւններ ցեղասպանութիւնների եւ մարդու իրաւունքների զանգուածային խախտումների կանխարգելման ուղղութեամբ», կ՛եզրափակէ նախարարութիւնը։