Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Հոգեւորականաց դասը, Կրօնական Ժողովը եւ Ազգային Վարչութիւնը այսու պաշտօնապէս կը տեղեկացնեն, թէ Ուրբաթ, 18 Հոկտեմբեր 2019ին մահացած վաստակաշատ ազգային գործիչ Յակոբ Մանճիկեանի թաղումը պիտի ըլլայ Ազգային Թաղում։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Շաբաթ, 2 Նոյեմբեր 2019ին, առաւօտեան ժամը 11ին, Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ, 5300 White Oak Ave,. Encino, ապա թաղումը՝ Forest Lawn Hollywood Hills գերեզմանատան մէջ։
Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի։