ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկացի պաշտօնատար մը 27 Հոկտեմբերին, «Ռոյթըրզ» լրատուական գործակալութեան յայտնեց, թէ ամերիկեան զինուորական ուժերուն կողմէ իրականացած գործողութեան մը ընթացքին, հիւսիսային Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ մօտիկ շրջանի մը մէջ սպաննուեցաւ «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութեան մեկուսացուած ղեկավար Ապուպաքր Պաղտատին:
Աւելի ուշ հաղորդուեցաւ, որ Պաղտատի իր հագած ականուած գօտիով անձնասպան եղած է։ Իսկ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին պաշտօնապէս յայտարարեց, որ Պաղտատի սպաննուած է, իսկ անոր հետ սպաննուած են նաեւ անոր շարք մը գործընկերները եւ զաւակները:
Թրամփ մասնաւորաբար շնորհակալութիւն յայտնեց Ռուսիոյ, Սուրիոյ, Թուրքիոյ, Իրաքին եւ քիւրտերուն՝ Պաղտատիի սպանութեան գործողութեան օժանդակելնուն համար՝ ընդգծելով, որ Ռուսիոյ եւ Իրաքի գործակցութիւնը «հոյակապ էր»:
«Քիւրտերը Պաղտատիի շուրջ օգտակար տեղեկութիւններ տրամադրեցին», ըսաւ ան, իսկ Թուրքիան տեղեակ էր գործողութեան շղթայազերծումէն:
Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարար Ֆլորանս Օրլի յայտնեց, որ Պաղտատիի սպանութիւնը «ահաբեկիչի մը կանխահաս հանգստեան անցնիլ է, եւ ոչ թէ անոր կազմակերպութեան»:
Քրտական ղեկավարութեամբ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը զգուշացուցին, որ «Իսլամական պետութիւն»ը կրնայ իր ղեկավարութեան սպանութեան վրէժը լուծելու համար գործողութիւններ շղթայազերծել:
Միւս կողմէ, «Նիւ Եորք Թայմզ»ը հաղորդեց, թէ Սուրիայէն անակնկալօրէն հեռանալու՝ Թրամփի որոշումը վնաս հասցուցած է Պաղտատին ձերբակալելու նպատակով, ամիսներէ ի վեր մշակուող «Սի.Այ.Էյ.»ի ծրագիրին եւ անոր իբրեւ հետեւանք գործողութիւնը կատարուած է գիշերով, յաւելեալ վտանգի տակ դնելով անոր մասնակցողները։