ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Պուլկարիոյ արտաքին գործոց նախարար Եքաթերինա Զախարիեւա Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի հետ տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնեց, որ երկու երկիրներուն միջեւ քաղաքական երկխօսութիւնը շատ աշխոյժ կը զարգանայ, եւ որ հայ-պուլկարական յարաբերութիւնները հիմնուած են պատմական բարեկամութեան եւ բազմաթիւ մշակութային առնչութիւններու վրայ։
Զօհրապ Մնացականեան յիշեցուց, որ պուլկարահայ գաղթօճախի պատմութիւնը սկիզբ առած է 5րդ դարուն: Ան գոհունակութեամբ արձանագրեց, որ հայ ժողովուրդի ազգային հերոսները իրենց աշխոյժ մասնակցութիւնը բերած են պուլկար ժողովուրդի ազատագրութեան գործին մէջ՝ արժանանալով բազում պետական պարգեւներու: «Համիդեան ջարդերից ու Ցեղասպանութիւնից յետոյ բուլղար ժողովուրդն ընդունեց մազապուրծ եղած տասնեակ հազարաւոր հայերի: Այսպիսով՝ երկու ժողովուրդները նաեւ ճակատագրի բարեկամներ են», ըսաւ ան:
Նախարարը նշեց, որ հայ-պուլկարական միջպետական յարաբերութիւնները բազմաշերտ են ու յագեցած մնայուն կապերով, նաեւ անոնք կը զարգանան երկկողմանի եւ բազմակողմանի ձեւաչափերով ու աշխոյժ մասը կը հանդիսանան Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն երկխօսութեան: Ան ուրախութեամբ արձանագրեց, որ Պուլկարիան այն 16 պետութիւններէն է, որ վաւերացուցած է Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համապարփակ եւ ընդլայնուած համագործակցութեան համաձայնագիրը: Մնացականեան կարեւոր նկատեց գործարարական մնայուն համաժողովներու կայացումը, երկու ժողովուրդներուն միջեւ կապերու ամրապնդումը, նաեւ՝ խորհրդարանական դիւանագիտութեան դերը, երկու երկիրներու խորհրդարաններուն մէջ գործող բարեկամական խումբերուն աշխատանքի միջոցով։
Նախարարները կարեւոր նկատեցին ուղիղ թռիչքները՝ յատկապէս Երեւան-Սոֆիա թռիչքներուն մեկնարկով, ինչ որ պիտի նպաստէ տնտեսական, զբօսաշրջային ոլորտներուն մէջ համագործակցութեան, մշակութային, մարդկային կապերու զարգացման: Իբրեւ համագործակցութեան խոստումնալից բնագաւառներ գործընկերները առանձնացուցին զբօսաշրջութեան, բարձր արհեստագիտութիւններու եւ բժշկութեան ոլորտները: Եքաթերինա Զախարիեւա շեշտեց, որ ուղիղ թռիչքները շատ կարեւոր են գործարարներու ներգրաւման համար, որովհետեւ աւելի կը դիւրանայ երթեւեկը եւ փոխադրութիւնը։
Պուլկարիոյ արտաքին գործոց նախարարին համաձայն՝ Պուլկարիա կ՛աջակցի Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան, նաեւ Հայաստանի կառավարութեան ջանքերուն՝ տարբեր ոլորտներու մէջ բարեփոխումներ իրականացնելու առումով։ «Մենք կը խօսինք տարբեր լեզուներով, սակայն ունինք բազմաթիւ ընդհանրութիւններ: Պուլկարիոյ մէջ կ՛ապրի շուրջ 11 հազար հայ: Համայնքի ներկայացուցիչները շատ լաւ դեսպաններ են: 20րդ դարու ողբերգութենէն ետք բազմաթիւ հայ ընտանիքներ տուն գտան Պուլկարիոյ մէջ։ Պուլկարական համալսարանին, 8 դպրոցի մէջ կարելի է հայերէն սորվիլ: Մենք պարտաւորուած ենք զարգացնելու մեր ունեցած բարեկամական կապերը», նշեց նախարարը։
Հայաստանի եւ Պուլկարիոյ արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումին ընթացքին ստորագրուեցան երկու կարեւոր փաստաթուղթեր՝ Հայաստանի եւ Պուլկարիոյ կառավարութիւններուն միջեւ միջազգային ուղեւորափոխադրումներու, բեռնափոխադրումներու մասին համաձայնագիրը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ու Եւրոպական Միութեան միջեւ, առանց թոյլտուութեան բնակող անձերու վերընդունման վերաբերող։
Նախարարները նաեւ անդրադարձան շրջանային եւ միջազգային օրակարգի հրատապ հարցերուն, յատկապէս՝ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին։ Մնացականեան ըսաւ. «Ներկայացրի Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացում մեր սկզբունքային դիրքորոշումը եւ մօտեցումները, որոնց առանցքում ընկած են Արցախի ժողովրդի անօտարելի իրաւունքները՝ ազատօրէն որոշելու իրենց քաղաքական կարգավիճակն առանց սահմանափակման եւ հարկադրանքի, ազատօրէն ապահովել իրենց տնտեսական, սոցիալական ու մշակութային զարգացումը»:
Եքաթերինա Զախարիեւա ըսաւ, որ Պուլկարիան շատ լաւ յարաբերութիւններ ունի Ատրպէյճանի հետ, շատ լաւ յարաբերութիւններ ունի Հայաստանի հետ: «Կայունութիւնը, բարեկեցութիւնը, սառեցուած հակամարտութիւններու լուծումը այս շրջանին մէջ առաջնային հարցերէն է Եւրոպական Միութեան համար», նշեց նախարարը՝ պատասխանելով լրագրողի մը այն հարցումին, թէ Պուլկարիան ատրպէյճանական կազ կը ստանայ, այս մէկը արդեօք իր անդրադարձը պիտի չունենա՞յ այս տագնապին վրայ։ Ան շեշտեց, որ տագնապի լուծման միակ մեթոտը խաղաղ երկխօսութիւնն է, Ղարաբաղի պարագային՝ Մինսքի խումբի համանախագահներուն օգնութեամբ:
«Շրջանին մէջ կան սառեցուած բազմաթիւ հակամարտութիւններ, եւ, ինչպէս արդէն դուք ըսիք (Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան-Խմբ.), ատիկա անվտանգութեան հարց է ձեր քաղաքացիներուն համար եւ ատիկա ձեւով մը առաջին կէտն է օրակարգին վրայ: Շատ լաւ պիտի ըլլայ, եթէ զանոնք կարենանք լուծել խաղաղ երկխօսութեան, բանակցութիւններու միջոցով, եւ անիկա այլեւս չսահմանափակէ ձեր տնտեսական զարգացումը: Մեր դիրքորոշումը այն է, որ միակ մեթոտը խաղաղ բանակցութիւններն են՝ Մինսկի խումբի համանախագահներու եւ Եւրոպական Միութեան աջակցութեամբ: Դուք գիտէք, որ մենք ունինք յատուկ մօտեցում Հարաւային Կովկասի նկատմամբ», եզրափակեց նախարարը։