
ՓԻՔՕ ՌԻՎԵՐԱ.- Իբրեւ վաղեմի ժողովուրդ, հայութիւնը ունի խոր արմատներ նետած աւանդութիւններ, եւ նկատի ունենալով երկրին աշխարհագրութիւնը, իւրաքանչիւր նահանգ ունեցած է իրեն իւրայատուկ ճաշերը, տարազները, աւանդութիւնները, հաւատամքները, սովորութիւնները, երգերը եւ պարերը, նոյնիսկ նկարագիրի եւ ֆիզիքական տարբերութիւններ։
Այդ պատճառով, նոր հանդիպող հայերուն առաջին հարցումերէն մէկը կ՛ըլլայ, թէ ուրկէ եղան են իրենց նախնիները։
Նախ Համիտեան սպանդներէն, ապա Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք, մեծ թիւով հայեր նոր համայնքներ կազմեցին Արեւելեան Ամերիկայի քաղաքներուն մէջ եւ հետաքրքրականօրէն, հայրենի գիւղի մը, քաղաքի մը զաւակները սովորաբար մօտիկ կ՛ապրէին, պահպանելով իրենց աւանդութիւներուն մէկ մասը։ Որոշ չափով այդ մէկը պատահեցաւ նաեւ Արեւմտեան Ամերիկայի Ֆրեզնօ գիւղաքաղաքին մէջ, սակայն Լոս Անճելըսի նման հսկայ քաղաքներուն մէջ աւանդութիւններ սկսան աւելի արագօրէն մաշիլ։
Ահա այդ աւանդութիւնները վերյիշելու նպատակով, ինչպէս նաեւ հայերու նախնիները գտնելով հետաքրքրուած խումբ մը հայորդիներ Արեւելեան Ամերիկայի մէջ քանի մը խորհրդաժողովներ կազմակերպած են արդէն 2016էն սկսեալ։
Առաջին անգամն ըլլալով, նման խորհրդաժողով մը տեղի պիտի ունենայ Արեւմտեան Ամերիկայի մէջ, 15 եւ 16ին Նոյեմբերին, Մեսրոպեան Ազգային վարժարանի սրահին մէջ։
Խորհրդաժողովին համահովանաւորողներն են՝ ՀՅԴ «Դրօ» կոմիտէն, «Յուշամատեան» կայքը (Houshamadyan.org), Հայագիտական ուսմանց եւ ուսումնասիրութեանց ազգային միութիւնը եւ «Project Save»ը։
Մեսրոպեան Ազգային վարժարանի հասցէն է՝ 8420 Beverly Rd, Pico Rivera, CA 90660։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար՝ այցելել www.armeniangenealogy conference.com/2019-conference/ կայքէջը։